Ժիւտօ. Հայաստան Տիրացաւ Ոսկի Մետալի Մը


judo-arm_110915

Նախորդ շաբաթավերջին Մաւրիտանիոյ մէջ տեղի ունեցաւ ժիւտոյի «Աֆրիքըն Օփըն»-ի միջազգային մրցաշարքը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստանի հաւաքականը:

Աղջկանց 52 քկ դասակարգին մէջ ոսկի մետալի տիրացաւ Հայաստանի հաւաքականին մաս կազմող Ժաննա Սթանքեւիչ, կը յայտնէ ArmSport.am:

Իր արձանագրած այս յաղթանակէն եւ ոսկի մետալին տիրանալէ բացի, Սթանքեւիչ 2016-ի ողիմպիականի խաղերուն համար կէտեր ալ ձեռք ձգեց:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.