Քոնկրէսական Հեսթըրթ 500.000 տոլարի փոխարէն ետ քաշած է Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը
CIAի նախկին պաշտօնատար, ներկայիս Միացեալ Նահանգներու Ազգային Շահերու Խորհուրդի տնօրէն Ֆիլիփ Ճիրալտի, «The American Conservative» թերթին մէջ, զգայացունց յօդուած մը ստորագրած է Հոկտեմբեր 20ին: Յօդուածին կատարած ցնցիչ բացայայտումներուն մէջ կայ կարեւոր բաժին մը՝ թրքա կան լոպիին ու ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու միջեւ առկայ մութ կապերուն եւ ապօրինի գործողութիւններուն մասին:
Ճիրալտի կը գրէ, թէ Ա.Մ.Ն. Ներկայացուցիչներու Տան նախկին խօսնակ Տենիս Հեսթըրթ, որ այդ պաշտօնը վարած է 1999էն 2007, այսօր բազմաթիւ ամբաստանութիւններու դէմ յանդիման կը կանգնի: Յայտնի դարձած է, որ ենթական անհաւատալի գումարներ ծախսած է յատկապէս սեռային չարաշահումներու եւ այլ ապօրինութիւններու վերաբերող իրեն ուղղուած մեղադրանքները քողարկելու համար: Սակայն, զինք մեղադրողներէն մէկը՝ Սիպել Էտմընտզ, որ FBIի մէջ թրքերէնի թարգմանիչներէն մէկն է, որոշած է չլռել, հակառակ իրեն վրայ բանեցուած ճնշումներուն՝ հարցը իբրեւ պետական գաղտնիք պահելու պատճառաբանութեամբ։
Էտմընտզ բացայայտած է մեծ ծաւալներու հասնող կաշառակերութեան պարագաներ, որոնք կը վերաբերին ոչ միայն Հեսթըրթի, այլեւ՝ ամբողջ ամերիկեան կառավարութեան: Էտմընտզի պնդումներուն մեծ մասը թրքական եւ իսրայէլեան խմբակներուն մասին է, որոնք կը ծառայեն որպէս «ծածկոյթ» իրենց երկիրներուն: Այդ խմբակները փորձած են Ա.Մ.Ն.ի արտաքին քաղաքականութեան վրայ ազդեցութիւն բանեցնել եւ այդ գծով նախաձեռնած են ապօրինի քայլերու: Ապօրինութեանց մեծ մասը կատարուած է կառավարական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կամ քոնկրէսականներու կաշառումով՝ շրջանցելու համար այն արգելքները, որոնք հաստատուած են տնտեսական կամ այլ շրջափակումներու դատապարտուած երկիրներու նկատմամբ, ինչպէս նաեւ՝ իրազեկ դառնալու գաղտնի մնացած տեղեկութիւններու:
Իր բացայայտումներուն պատճառով՝ Էտմընտզ խնդիրներ ունեցած է ամերիկեան ոստիկանութեան եւ գաղտնի գործակալութիւններու հետ, սակայն իր պնդումները բաւական հաւաստի նկատուած են: 2009ին Էտմընտզ իր կատարած վկայութեան մէջ Հեսթըրթը բնութագրած է իբրեւ Ամերիկայի առաջնակարգ անձերէն մէկը, որ ապօրինի միջոցներու եւ գործողութիւններու դիմած է՝ ո՛չ թէ իր երկրին, այլ օտար կառավարութիւններու եւ կազմակերպութիւններու շահերուն ի խնդիր: Կաշառակերութեան միջոցով, Հեսթըրթ թէ՛ գանձած է հնչուն գումարներ եւ թէ՛ իրեն փոխանցուած են ապօրինի միջոցներով ձեռք ձգուած մեծ գումարներ, որոնց մէկ մասը ան գործածած է իր ընտրապայքարներուն համար, իսկ միւս մասը բոլորովին իւրացուցած է եւ յատկացուցած իր անձնական ծախսերուն: Փոխարէնը, ի շարս այլ կառավարութիւններու՝ ան լայնօրէն գործած է ի նպաստ թրքական կառավարութեան եւ թուրք գործարար որոշ շրջանակներու:
Վկայութեան ընթացքին, երբ հարց տրուած է Էտմընտզի, թէ՝ «արդեօք դուք պատճառներ ունէի՞ք հաւատալու, որ Հեսթըրթ, օրինակի համար՝ թաղեց Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւերէն մէկը, թրքական կազմակերպութիւններէ իր ստացած գումարներուն փոխարէն», ան պատասխանած է.- «Այո՛, ճիշդ է… եւ ոչ միայն դրամ ստացաւ, այլեւ՝ տարբեր բաներ…»: Յօդուածագիրը կը նշէ, թէ Էտմընտզի այս վկայութեան օրերուն, Հեսթըրթ արդէն իսկ հեռացած էր Ներկայացուցիչներու Տան նախագահութենէն եւ մուտք գործած «Տիքշթայն Շեփիրօ» լոպիական ընկերութիւն, ուր Թուրքիոյ ի նպաստ տարած իր գործունէութեան համար եւս միլիոնաւոր տոլարներու միջնորդ-չէքեր ստացած է: 2000ի Օգոստոսին, այդ օրերու Ներկայացուցիչներու Տան նախագահ Հեսթըրթ յայտարարած էր, թէ նեցուկ պիտի կանգնի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերող բանաձեւի քուէարկութեան: Հակառակ Թուրքիոյ բուռն ընդդիմութեան, Միջազգային Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովին կողմէ լայն մեծամասնութեամբ ընդունուելէ ետք բանաձեւը՝ Հեսթըրթի կողմէ անիկա անակնկալօրէն ետ քաշուեցաւ Հոկտեմբեր 19ին, Քոնկրէսին մէջ քուէարկութեան դրուելէն հազիւ քանի մը օր առաջ: Հեսթըրթ, իր դիրքորոշման յանկարծակի այս փոփոխութիւնը պատճառաբանեց նախագահ Քլինթընէն իր ստացած մէկ նամակով, ուր վերջինս իրեն գրած էր, թէ այդ բանաձեւին որդեգրումը հակոտնեայ է Ա.Մ.Ն.ի շահերուն: Սակայն Էտմընտզ իր վկայութիւններուն մէջ պնդած է, թէ թարգմանիչի իր պաշտօնին բերումով բացայայտած է զրոյցի մը ձայներիզը, որ ձեռք ձգուած է գաղտնի ունկնդրութիւններու միջոցով եւ ուր թրքական հիւպատոսարանի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը կ՛ըսէ, թէ առնուազն 500.000 տոլար ծախսուած է՝ Հեսթըրթը համոզելու, որ Ներկայացուցիչներու Տան օրակարգէն ետ քաշէ հայկական բանաձեւը։