Ըմբշամարտ. Գարիկ Բարսեղեան Տիտղոսակիր` Սոսլան Անտիեւի Անուան Մրցաշարքին
1189
0
Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամ, 57 քկ դասակարգին մասնակցող Գարիկ Բարսեղեան դարձաւ Սոսլան Անտիեւի անուան միջազգային մրցաշարքի տիտղոսակիր:
Հայրենի ըմբիշը աւարտականին 5-4 արդիւնքով առաւելութեան հասաւ Ռուսթամ Քարախանովի (Ղազախստան) դէմ:
Նոյն դասակարգին մէջ, Գառնիկ Մնացականեան տիրացաւ պրոնզ մետալին:
Հայաստանի հաւաքականին միւս անդամները` Գոռ Գրիգորեան, Վոլոդիա Ֆրանգուլեան, Դաւիթ Սաֆարեան եւ Վալդեր Մարգարեան, որեւէ մետալի չյաջողեցան տիրանալ:
Այս առնչութեամբ ArmSport.am աւելցուց, որ նոյն այս մրցաշարքին, սակայն նախորդ տարի, Բարսեղեան դարձեալ յաղթական հռչակուած էր:
Նշենք, որ Հայաստան, հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արայիկ Բաղտատեանի գլխաւորութեամբ, իր մասնակցութիւնը կը բերէ Վլատիքաւքազի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցող այս մրցաշարքին: