Ուիլիըմ Սարոյե՞ան թէ Սիրակ Կորեան, ո՞վ է աւելի տաղանդաւորը


Անցեալ դարու երեսունական թուականներուն «The Best American Short Stories» տարեգիրքը գրական շրջանակներուն մէջ լաւ գնահատուած հրատարակութիւն մըն էր: Անոր հիմնադիրը , Edward J.O’Brien, ընթացիկ տարուան մամուլը գրեթէ ամբողջութեամբ աչքէ կ‘անցնէր, առանց զանց ընելու նոյնիսկ ամենէն համեստները: Իր ծաղկաքաղը կազմելու համար , մօտաւորապէս 8000 պատմուածքներ կը կարդար: 

Edward J. O’Brien-ի աչքէն չվրիպեցաւ նաև անգլերէնով հրատարակուող «Հայրենիք Շաբաթերթ»ի թիւերէն մէկուն մէջ բացառիկ պատմուածք մը, «The Broken Wheel» (Կոտրած Անիւը) վերնագրով: Հեղինակը` բոլորովին անծանօթ անձ մը, Սիրակ Կորեան: Եւ,1933-ի տարեգիրքին մէջ լոյս տեսաւ այս նոր հայ հեղինակին գրութիւնը:

Միևնոյն ժամանակաշրջանին, գոյութիւն ունէր նաև ուրիշ կշիռ ունեցող գրական հանդէս մը, «Story» magazin-ը, Whit Burnett-ի և իր կնոջ` Martha Foley-ի խմբագրութեամբ: Անոր աշխատակիցներուն շատերը նոր հրապարակ իջած գրողներ էին, որոնք հետագային ամերիկեան գրականութեան մէջ համբաւաւոր հեղինակներ դարձան, ինչպէս, J. D. Salinger, William Faulkner, Tennessee Williams, Truman Capote, Norman Mailer և ասոնցմէ ոչ նուազ արժէքաւոր ուրիշներ: 

Գրական յաւակնութիւններ ունեցող երիտասարդ սերունդին իտէալն էր «Story» գրական հանդէսին աշխատակցիլը: Անոնցմէ մէկը Ուիլեըմ Սարոյանն էր,որուն «The Daring Young Man on the Flying Trapeze» պատմուածքը գնահատանքով լոյս տեսաւ Whit Burnett-ի և Martha Foley- ի գրական հանդէսն մէջ: Այս յաջողութիւնէն խանդավառուած Ուիլեըմ Սարոյան մէկ ամսուան ընթացքին անհաւատալիօրէն 36 նոր պատմուածքներով ողողեց «Story»ի խմբագրատունը:

Աննախընթաց երեւոյթ էր միևնոյն տարուան ընթացքին երկու նորահաս և տաղանդաւոր գրողներ ունենալ գրական հորիզոնի վրայ, մէկը Սիրակ Կորյան , միւսը Ուիլիըմ Սարոյեան: 

Edward J.O’Brien և Whit Burnett իրարու բարեկամ հրատարակիչներ էին ,բայց միաժամանակ մրցակիցներ: Երկուքն ալ կը հպարտանային, որ գտած են լաւագոյն ապագայ խոստացող գրողը: Նոյնիսկ բանավէճի մտան: Երբ Edward O’Brien յայտարարեց, որ գտած է լաւագոյն հայ գրողը Սիրակ Կորյանը, Whit Burnett և Martha Foley անմիջապէս պատասխանեցին,թէ իրենց գտած հայ գրողը,Ուիլիըմ Սարոյեանը աւելի տաղանդաւոր է և արդէն անկէ 36 պատմուածքներ ապահոված են:

Բանավէճը վերջ գտաւ,երբ Ուիլիըմ Սարոյեանը միջամտեց և յայտնեց, որ խնդրոյ առարկայ երկու անձերը իրականին մէջ մէկ անձ է: 

Սերոբ Երէցեան


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.