Դաշնակցական Ֆետային Ընկերասէր Է – ՀՅԴ 125-ամեակ


Գուրգէն

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կազմակերպական եւ բարոյական ուժի հիմերէն մէկը, դաշնակցականներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ընկերական ամուր կապն է։

Դաշնակցականը ի՛նչ դիրքի վրայ ալ գտնուէր՝ ղեկավար, խմբապետ թէ հրամանատար, կ՛օգնէր իր ընկերոջ, երբ ան դժուարութեան մէջ ըլլար, կռիւի թէ խաղաղ օրերուն։

 Դաշնակցական ֆետային կը սիրէր իր ընկերը իր անձէն աւելի: Ան պատրաստ էր իր կեանքը զոհելու իր ընկերը ստոյգ մահէն ազատելու համար:

 1898ի գարնան, Գուրգէն, 8 հոգինոց փոքրիկ խումբով մը կը շրջէր Մշոյ դաշտը՝ հսկելու համար կազմակերպչական եւ մարտական աշխատանքներուն։ Քանի մը օր Մուշ քաղաքը մնալէ եւ կուսակցական մարմինին գործերը, հաշիւներն ու զինուորական դրութիւնը քննելէ ետք, անվտանգ կերպով քաղաքը կը ձգէ դէպի Տէրվանք եւ Ցրօնք։

 Սակայն Գուրգէնի Մուշ քաղաք մուտքը աննկատ չէր մնացած հայ մատնիչներէն։ Մկրտիչ Երամեան կը նկատուէր կուսակցութեան համակիր, բայց իրականութեան մէջ գաղտնի ոստիկան մըն էր. ան ամիջապէս Պիթլիս հեռագրած էր եւ կառավարութեան հաղորդած Գուրգէնի ճամբու ծրագիրը։

 Քանի մը օր ետք, Գուրգէն կը հասնի Ցրօնք։ Նոյն գիշերը Պիթլիսէն դուրս կու գայ Ալա Բէկը իր մեծաթիւ զօրքով, եւ կ՛ուղղուի դէպի Ցրօնք. ան լուր կ՛ուղարկէ նաեւ Մուշի կառավարիչին եւ Թալիպ Բէկին, պահանջելով կանոնաւոր եւ անկանոն զօրք՝ գիւղը շրջապատելու եւ Գուրգէնը ձերբակալելու համար։
 Այս բոլորէն անտեղեակ, Գուրգէն ճերմակ վառօդ պատրաստել կու տայ Սասուն ղրկելու համար, ամբողջ օրը կը զբաղի այս գործով եւ կ՛որոշէ գիշերն ալ հոն անցընել ու յաջորդ օրը ճամբայ ելլել դէպի Սասուն, իրեն հետ տանելով նաեւ ճերմակ վառօդի պաշարը։ Ապահովութեան համար, ան գիւղացիներուն կ՛ըսէ, թէ ինք կը հեռանայ գիւղէն, բայց գիշերը ծածուկ կերպով կը պահուըտի մարագի մը մէջ։ (Ցրօնքի շրջանը նշանաւոր էր իր ճերմակ վառօդով, որ կը պատրաստուէր քարայրներու մէջ։ Դաշնակցութիւնը մեծ դժուրութիւններ կը դիմագրաւէր ապահովելու համար ռումբերու պատրաստութեան անհաժեշտ այս նիւթը)։

 Արշալոյսը չբացուած, Ցրօնքը կը պաշարուի Պիթլիսէն եւ Մուշէն եկած զօրքով։ Գիւղացիները վստահ, որ Գուրգէն իր խումբով ձգած է գիւղը, ռէսին (գիւղապետին) առաջնորդութեամբ կը դիմաւորեն զօրքը եւ գիւղ կը հրաւիրեն։ Թուրքերը պատանդներ առնելով՝ կը սկսին խուզարկութեան։
 Կէսօր էր արդէն, բայց թշնամին ոչ մէկ հետք կրցած էր գտնել։ Հետեւաբար կը սկսի խստութեան, ծեծի եւ սպառնալիքի։ Չարչարանքին չդիմանալով՝ գիւղացի Սլոն կը խոստովանի, թէ նկատած է Գուրգէնի անհետանալը մարագներուն կողմէ։

 Զօրքը անմիջապէս կը շրջապատէ մարագները եւ կը սկսի խուզարկութեան։ Գուրգէն կը հրահանգէ կրակ չբանալ եւ անաղմուկ սպասել, յուսալով, որ թուրքերը չեն գտներ ֆետայիներուն տեղը։ Բայց թշնամին արդէն հասկցած էր, թէ խումբը ո՛ւր կը գտնուի եւ կը կրակէր ճիշդ այդ մարագին վրայ, ուր ֆետայիները պահուըտած էին։ Գուրգէնը դարձեալ կը հրահանգէ լուռ մնալ, մտածելով որ հրացանաձգութիւնը խաղ մըն է եւ զօրքը կը կրակէ, որպէսզի ֆետայիները պատասխանեն ու յայտնուին։ Բայց այլեւս ուշ էր. թշնամին քարիւղ կը լեցնէ մարագին տանիքը եւ հրդեհի կու տայ զայն՝ միաժամանակ պոռալով, որ անձնատուր ըլլան։ Բայց ֆետայիին նամուսը կը պահանջէր մինչեւ վերջին շունչ կռուիլ եւ երբեք չյանձնուիլ։

 Գուրգէն կը հրամայէ դուրս ելլել թակարդէն եւ բաց դաշտի մէջ ճակատ ճակատի կռուիլ թշնամիին դէմ։ Բոցերուն մէջ կորսուած մարագին դուռը առաջին անգամ կը բանայ Ղարաբաղցի Փարսադանը, որ դիմացը դիրք բռնած զօրքին համազարկէն անշունչ կը փռուի գետին, ճիշդ դրան շէմին։ Անոր ետեւէն կը նետուին Ալիջանի Ռուբէնը եւ Մշեցի Տիգրանը, որոնք իրենց ընկերոջ դիակը դիրքի վերածած՝ կրակ կը բանան թուրք զինուորներուն վրայ եւ կը սպաննեն չորս հոգի, անոնց շարքին նաեւ Թալիպ Բէկը, որ երկար ժամանակ սարսափի մատնած էր Տարօնի ամբողջ հայութիւնը։
Խառնաշփոթ այս վիճակէն օգտուելով՝ Գուրգէն, Մկրօ, Նշան, Վարդան եւ Կրպօ, դիակներուն վրայէն ցատկելով կրակ կը բանան փողոցներուն մէջ եւ տանիքները կեցած զինուորներուն վրայ։ Թշնամիին շարքերուն մէջ կը տիրէ սաստիկ խուճապ։

Ֆիտայիները գնդակներու տարափով ճամբայ կը բանան նահանջելու համար։ Տեսնելով, որ անոնք պիտի ազատին, Ալա Բէկը կը հրամայէ հետապնդել եւ խիստ կրակ բանալ։ Զոհ կ՛իյնան Նշանը, Կրպոն եւ Վարդանը։

 Պատասխանելով Վարդանի կանչին՝ Գուրգէն կը վերադառնայ եւ կ՛ուզէ օգնութեան հասնիլ իր ընկերոջ, բայց ինքն ալ կ՛իյնայ վիրաւոր։ Թշնամին կարծելով, որ ան մեռած է, կը շտապէ անոր հրացաններն ու հագուստները առնելու, բայց կիսամեռ ֆետային իր վերջին ուժերը կը հաւաքէ եւ պառկած տեղէն գետին կը փռէ թուրք երկու զինուոր, ապա ինքն ալ կը մեռնի։

 Ֆետայիներու խումբէն կը մնայ միայն Մկրոն, որ կը շարունակէ կրակելով յառաջանալ։ Թշնամիին շարքերը ճեղքելով՝ ան կը յաջողի ազատիլ։ Երկու ժամ ճամբայ կտրելէ ետք կը հասնի Մկրագոմի մօտերը, Մեղրագէտի ափին, հոն ինքզինք կը գտնէ թշնամի բազմաթիւ հեծելազօրքի մը դիմաց, որ դիրք բռնած կը սպասէր։ Մկրոն վիրաւոր էր, իսկ փամփուշտները՝ գրեթէ վերջացած։ Դիրք բռնելով գետի ափին վիրաւոր ֆետային կը կրակէ իր վերջին փամփուշտը, ապա հրացանը քարին զարնելով կը փշրէ. (ֆետայիին համար զէնքը իր նամուսն էր եւ զայն թշնամիին ձեռքը ձգելը կամ յանձնելը անպատուութիւն էր), եւ դաշոյնը ձեռքին՝ կը սկսի բարձրաձայն հայհոյել զօրքին։ Յարձակող զինուորներուն հետ դաշոյնով կռուելէ ետք, Մկրոն ալ անշնչացած կ՛իյնայ գետին եզերքը։
 Երեկոյեան կռիւը վերջացած էր. թուրքերը տուած էին 43 զոհ, որոնց մէջ նշանաւոր Թալիպ Բէկը։
 Դժբախտ գիւղացի Սլոն իր մեղքը քաւելու առիթ չունենալով՝ հետզհետէ կը մաշի եւ հոգեկան տառապանքէն չարչարուած կը մեռնի։

 Գուրգէն եւ իր ընկերները նահատակուեցան՝ տալով խիզախ կռիւ եւ ընկերասիրութեան օրինակ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.