Հայ Դէտերը Խտրական Վերաբերմունքի Կ՛արժանանան Թուրքիոյ Մէջ


«Էրմենիհապեր» կը նշէ, որ 1 նոյեմբերին Թուրքիոյ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններուն հետեւած են միջազգային դէտեր: «Էւրենսել» կայքը կը տեղեկացնէ, որ դէտերուն մէջ եղած են նաեւ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ ուղարկուած երեք հոգինոց պատուիրակութիւն մը:

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հրաւէրով, միջազգային դէտերը, ներառեալ` Հայ դատի ներկայացուցիչները, այդ կուսակցութեան նահանգային կազմակերպութեան շէնքին մէջ ներկայացուցած են իրենց դիտարկումները:

Հայ դէտերը պատմած են, որ իրենք շրջած են Պոլսոյ Էսենեուրթ թաղամասի 10 դպրոցները, ուր քուէարկութիւն տեղի կ՛ունենար: Իպրահիմ Էօզայտընի անուան դպրոցին մէջ, ոստիկանութիւնը շուրջ 45 վայրկեան հայ դէտերուն չէ արտօնած ներս մտնել. ոստիկաններ ստուգած են իրենց անձնագիրները, իսկ ոստիկաններէն մէկը հարցուցած է. «Այս հայերը հոս ի՞նչ գործ ունին»:

Հայ դէտերը նոյն վերաբերմունքին արժանացած են նաեւ «18-րդ դար» դպրոցին մէջ, ուր ոստիկանները շրջապատած են դէտերը, կրկին ստուգած են անոնց փաստաթուղթերը, իսկ երբ պատուիրակութեան անդամները ներկայացած են, ոստիկանները ըսած են. «Հա՛, հա՛, հասկցայ` հայ էք, հայ»:

Դէտերը նշած են, որ նման վերաբերմունք պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, որ Թուրքիոյ մէջ օտար դէտերու իրաւունքները օրէնքով յստակօրէն ամրագրուած չեն: Դէտերը պատմած են նաեւ, որ որոշ դպրոցներու մէջ հանդիպած են իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կրծքանշանները կրող մարդոց, որոնք յաճախակիօրէն միջամտած են քաղաքացիներու ընտրութեան, մինչ տարեց եւ հիւանդ քիւրտ ընտրողներ համապատասխան օգնութիւն չեն ստացած ընտրական տեղամասերու աշխատակիցներուն կողմէ:

Դիտարկումներ ներկայացուցած են նաեւ Ֆրանսայէն, Սերպիայէն եւ Հունգարիայէն եկած դիտորդական պատուիրակութիւններ, որոնք եւս ոստիկաններուն կողմէ ճնշումի ենթարկուած են:

Նշենք նաեւ, որ Յունաստանի պատուիրակութեան անդամները ձերբակալուած եւ արտաքսուած էին Թուրքիայէն:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.