125,000 տոլարի նպաստ Սուրիոյ հայ համայնքին


Ընդառաջելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս փափաքին, Գարօլան Հիմնադրամը 125,000 տոլար նուիրեց Սուրիոյ հայ համայնքին, յատկացուելու համար կարիքաւոր ընտանիքներուն։

Գարօլան Հիմնադրամը կը ղեկավարուի Տիկին Թինա Գարօլանի եւ իր զաւկին՝ Ռիչըրտին կողմէ։ Յիշեալ ընտանիքը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բարերարներէն մէկն է։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.