Յուշ Երեկոյ Ի Յիշատակ Վերապատուելի Դոկտ. Մովսէս Ճանպազեանի

 

Ծննդեան 70 եւ Վախճանման 15 Ամեակներու Յուշ Երեկոյ

Թորոնթոյի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, Հոկտեմբեր 10 2015-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ վաղամեռիկ Վերապատուելի Դոկտ. Մովսէս Ճանպազեանի յիշատակին նուիրուած յուշ երեկոյ:

Յուզումնախառն ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին գաղութիս եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւները, Վերապատուելի Ճանպազեանի ընտանեկան պարագաները, ինչպէս նաեւ Վերապատուելի Ճանպազեանին յիշատակը յարգող բազմաթիւ թորոնթոհայեր: Օրուայ հանդիսավար պրն. Միհրան Ճիզմեճեան իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ Վերապատուելի Դոկտ Մովսէս Ճանպազեանի՝ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու եւ Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան ճամբով տարած հոգեւոր եւ ազգանուէր բեղուն գործունէութեանց մասին, մէջբերելով նաեւ իրենց անհատական մտերմութեան ընթացքին տարուած բազմաթիւ աշխատանքները:

Յուշ Երեկոն հարստացաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագրով մը որուն Աստուածատուր տաղանդներով իրենց սիրայօժար մասնակցութիւնը բերին տիկին Լիլիթ Սմփատեան՝ դաշնամուրի մենանուագով մը՝ Արամ Խաչատուրեանի Գայեանէ պալէյէն, «Օրօրոցային» կտորով, գաղութիս տաղանդաւոր երիտասարդներէն՝ Արազ Թոքճեան ջութակի մենանուագով մագնիսացուց ներկաները՝ Շոփենէն «Նոքթուրն թիւ 20» եւ Նահապետ Ռուսինեանի «Կիլիկիա» կտորներով, Ինչպէս նաեւ թորոնթոհայ գաղութի հանրածանօթ տաղանդներէն երգչուհի Սոնա Յովսէփեան՝ «Մեծ է հաւտարմութիւնդ» եւ «Տէրունական Աղօթք – Հայր Մեր» երգերով:

Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցաւ Վերապատուելի Դոկտ Մովսէս Ճանպազեանի կեանքն ու բեղուն գործունէութիւնը ներկայացնող զգայացունց եւ հոգեհարազատ տեսերիզ մը: Տիկիններ Զէլա Գագուսեան-Սարմազեան եւ Լոռի Սարգիսեան-Ճանպազեան յաջորդաբար ներկայացուցին օրուայ բանախօսները՝ Վերապատուելի Յովհաննէս Սարմազեանը եւ Վերապատուելի Դոկտ Ռընէ Լեւոնեանը որոնք հարազատօրէն ներկայացուցին Վերապատուելի Դոկտ Մովսէս Ճանպազեան իբրեւ տեսիլքի եւ առաքելութեան մարդը: Անոնք հպարտութեամբ անդրադարձան Վերապատուելի Ճանպազեանի հոգեւոր, ազգային, հայրենասիրական եւ համամարդկային գործունէութեան մասին դրսեւորելով անոր սէրն ու նուիրումը հանդէպ Հայ Եկեղեցւոյ, Հայ Ժողովուրդին, Հայաստանին, Արցախին եւ համայն մարդկութեան:

Թորոնթոյի հայ Եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւները, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գերյարգելի Եղիա Վրդ. Գիրէջեան, Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Զարեհ Աւագ Քհն. Զարգարեան եւ Սուրբ Աստուածածին Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեան յաջորդաբար խօսք առնելով բարձր գնահատեցին Վերապատուելի Ճանպազեանի սահմանափակ տարիներու մէջ ծաւալած անձնուէր աշխատանքը, նա մանաւանդ իր նուիրական կեցուածքը հայ յարանուանութիւններու միասնութեան եւ համագործակցութեան ծիրէն ներս:

Ընտանիքին կողմէ շնորհակալական եւ սրտի խօսքեր արտասանեցին Վերապատուելի Ճանպազեանի քոյրը՝ Տոքթ. Անի Հասըրճեան-Ճանպազեան, զաւակը՝ Վահագ Ճանպազեան, ինչպէս նաեւ իր եղբայրը՝ Յակոբ Ճանպազեան:

Յուշ Երեկոն փակուեցաւ ներկայ եօթը հոգեւոր հովիւներու միասնական աղօթքով եւ պահպանիչով ապա՝ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն «Վերապատուելի Դոկտ. Մովսէս Ճանպազեան սրահ»-ին մէջ, ուր ներկաները Վերապատուելիին յուշերով վերապրեցան քաղցր պահեր:

Լոռի Ճանպազեան Սարգիսեան

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.