30 Հոկտեմբեր 1920. Կարսի անկումին ազգային ողբերգութիւնը


 

Հայոց բանակին պոլշեւիկ դասալիքները եւ Կարսի անկումին ազգային ողբերգութիւնը

 

Հոկտեմբեր 30ի օրը, 95 տարի առաջ, Հայաստանի 2,5ամեայ Հանրապետութեան արեւելեան դարպասներէն Կարսի բերդաքաղաքը, գրեթէ առաց դիմադրութեան, ինկաւ Թուրքիոյ քեմալական զօրքերու գրոհին տակ։

Խորհրդային ամբողջատիրութեան եօթը տասնամեակներու ամբողջ տեւողութեան, հայ քաղաքական միտքը դատապարտուեցաւ ներքին, բուռն եւ մշտաբորբոք բանավէճերու քաշքշուքին՝ Կարսի անկումին պատճառներու պարզաբանման ու ախտորոշման շուրջ։
Բանավէճի մէկ բեւեռին կանգնեցաւ ճամբարը 28 Մայիս 1918ին կերտուած Հայաստանի անկախութեան ու հայոց ազգային պետականութեան վերականգնումին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումին դէմ գաղափարական, քաղաքական թէ կուսակցական (հակադաշնակցակա՛ն) դիրքորոշում, այլեւ թշնամական կեցուածք ունեցող պատմաբաններուն, տեսաբաններուն եւ յուշագրողներուն, որոնք չուզեցին ընդունիլ, թէ Կարսի անկումին բուն պատճառը Լենին¬Քեմալ դաւադիր գործարքն էր։ Ընդհակառակն՝ այդ ճամբարի դրօշակիրները ամէն աղբիւրէ ջուր բերին տասնամեակներով, նոյնիսկ պղտոր եւ ազգային մեր միաբանութիւնը թունաւորող կեղտաջուրեր օգտագործեցին, որպէսզի իբր թէ փաստեն, թէ Կարսի մեծ ողբերգութեան բուն պատասխանատուն Հայաստանի Հանրապետութեան ատենի դաշնակցական ղեկավարութիւնն էր, որ չուզեց հասկնալ Քեմալ¬Լենին զինակցութեան իբր թէ «փրկարար» նշանակութիւնը հայ ժողովուրդի «ապահովութեան» համար…։
Իսկ բանավէճի միւս բեւեռին կանգնեցաւ ճակատը նոյնպէս պատմաբան, տեսաբան եւ յուշագրող այն հեղինակութիւններուն, որոնք ուղղակի դաշնակցականներ ըլլային թէ Դաշնակցութեան համակիրներ կամ պարզապէս սրտցաւ հայեր, Կարսի անկումին մէջ տեսան մեր ազգային մեծագոյն ողբերգութիւններէն մէկը, որ արագացուց Հայաստանի անկախութեան կործանումը։
Աւելի՛ն. դաշնակցականամիտ այս ճակատի դրօշակիրները իրենց ազգային պարտականութիւնը սեպեցին տեւաբար ահազանգ հնչեցնել հայոց սերունդներուն, թէ որեւէ պարագայի պէտք չէ կրկնուի Կարսի անկման ողբերգութեամբ պարզուած ազգային դասալքութեան երեւոյթը, որպէսզի կարենանք ազգովի՛ն եւ ըստ արժանւոյն դիմագրաւել, կանխել կամ վիժեցնել Հայաստանի եւ հայութեան դէմ նիւթուած մեծապետական կամ թշնամական որեւէ դաւադրութիւն։
Այդքա՜ն տասնամեակներ շարունակուած բանավէճին հիմքը պատմական այն դառն ու դաժան իրողութիւնն էր, որ Հոկտեմբեր 30ի օրը, 1920 թուականին, Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ ¬ առանց պատերազմի յայտարարութեան ¬ ընդհանուր յարձակման ձեռնարկած քեմալական զօրքը արդէն հասած էր Կարսի մատոյցներուն, իսկ բերդաքաղաքի պաշտպանութեան կոչուած հայկական զօրքին երիտասարդ հրամանատարը՝ գնդապետ Մազմանեան հակագրոհի հրահանգ տուած էր իր զինուորներուն, որոնք սակայն մերժած էին ենթարկուիլ իրենց հրամանատարին ու… դասալքութեան դիմած էին՝ ընդառաջելով հայոց բանակի շարքերուն մէջ գործող բուռ մը պոլշեւիկներու «ինտերնացիոնալիստական», խորքին մէջ՝ էապէս հակահայ քարոզչութեան։
Պարզուած ամօթալի դասալքութեան դէմ յանդիման, Գնդ. Մազմանեան սեփական ատրճանակով ինքնասպան եղաւ իր զինուորներուն աչքին առջեւ…
Գնդ. Մազմանեանի ինքնասպանութիւնը միայն սկիզբն էր ողբերգութեան, որ ահագնացաւ կայծակի արագութեամբ։
Թրքական զօրքի ընդհանուր հրամանատար Քեազիմ Քարապեքիրի յուշերուն համաձայն՝ քեմալական զինուորները եւ անոնց միացած թուրք, քիւրտ, մահմետական թէ հայ պոլշեւիկ «ապստամբները» երեք ժամուան մէջ գրաւեցին ամբողջ քաղաքը, հայկական բանակի բազմահարիւր սպաներ ու զինուորներ ռազմագերի վերցուցին, հսկայական քանակութեամբ ռազմամթերքի (թնդանօթ, ռումբ, զէնք ու փամփուշտ) տիրացան եւ տասնեակ հազարներով անզէն բնակչութիւն «թրքավարի» կոտորեցին։
Թէեւ հայկական բանակը այլուր, նոյն օրերուն մղուող Սուրմալուի ճակատի կռիւներուն, հերոսական դիմադրութիւն ցոյց տուաւ եւ յետ մղեց քեմալական գրոհները, բայց Կարսի անկումով գրեթէ աւարտած էր ռազմական փուլը Լենին¬Քեմալ զինակցութեամբ մշակուած Հայաստանի անկախութիւնը եւ Հանրապետական վարչակարգը կործանելու դաւադիր ծրագրին իրագործման։
Կարսի անկումէն ետք , մէկ ամսուան ընթացքին, քեմալական զօրքը մօտեցաւ Ալեքսանդրապոլին, իսկ Կարմիր բանակը հիւսիսէն մտաւ Հայաստան եւ հասաւ մինչեւ Իջեւան։ Հայաստանի հարաւ¬արեւելեան դարպասները, յատկապէս Զանգեզուրը եղաւ միակ ամրոցը, ուր հայկական զօրքերը, Նժդեհի հրամանատարութեամբ, անպարտելի մնացին։
Յուշատետրը բազմիցս առիթը կþընձեռէ՝ անդրադառնալու Հայաստանի անկախութեան եւ ազգային ազատ հանրապետութեան կործանման մէջ Լենին¬Քեմալ դաւադրութեան ունեցած վճռորոշ նշանակութեան, որ մէկ կողմէ հայ պոլշեւիկներու հակապետական քարոզչական խռովութիւններով, իսկ միւս կողմէ թուրք եւ մահմետական բնակչութեան զինեալ ապստամբութիւններով՝ ներսէն բարոյահոգեբանական ծանր հարուածի տակ դրաւ այլապէս մարտունակ եւ լաւապէս զինուած հայկական բանակը։
Կարսի մէջ 30 Հոկտեմբեր 1920ին պարզուած դասալքութեան ամօթալի ողբերգութիւնը եղաւ բաժակը յորդեցնող օրհասական կաթիլը։
Թրքական բանակին դէմ 1918ին կենաց¬մահու կռիւ մղած եւ յաղթանակած հայ ժողովուրդն ու ազգային զօրքը ներքին պատճառ չունէին դասալքութեան մատնուելու միեւնոյն թրքական գրոհներուն դէմ յանդիման։
Ռազմաքաղաքական հիմնական փոփոխութիւնը Ռուսաստանի վերադարձն էր Հայաստան՝ Կարմիր համազգեստով ու Հայաստանի Հանրապետութեան վերջ տալու եւ խորհրդային իր լուծը պարտադրելու մեծապետական նպատակով՝ զուգահեռաբար Քեմալական Թուրքիոյ ռազմավարական զինակցութիւնը ապահովելու մտօք… հայկական հողերէն թուրքերուն «կաշառք» տալու.. դաւադիր գործարքով։
Իսկ հայ ժողովուրդն ու անոր ռազմական ներուժը մարմնաւորող հայկական հզօր բանակը պատրաստ չէին զէնք բարձրացնելու Ռուսաստանի դէմ, հակառակ որ ռուսը կը ներկայանար… Մուրճով, որ այս պարագային կը սպառնար՝ թրքական սալին վրայ մահացու հարուածի տակ առնելու եւ ճզմելու Հայաստանի ու հայութեան ազատ ու անկախ ապրելու անբռնաբարելի իրաւունքը։
Ա՛յս առումով Կարսի անկումը ազգային ամօթալի ողբերգութիւն մը եղաւ հայոց նորագոյն պատմութեան մէջ։
Նոյն այս առումով է, նաեւ, որ Կարսի անկումէն մեկնելով՝ Գարեգին Նժդեհ արդարացի ցասումով պատգամեց հայոց նորահաս սերունդներուն.¬
«Կարսի ամօթը Հ. Հանրապետական կառավարութեանը չէ միայն, այլ ողջ հայ ժողովրդին: Չափւում են, բախւում են բանակները, բայց յաղթում կամ պարտւում են ազգերը, ցեղերը: Կարսի պատերի տակ պարտուողը հայ զինուորն ու զօրավարը 
չէին միայն, այլ բովանդակ հայութիւնը, հայ ժողովրդի` իր ամբողջութեան մէջ անմարտունակ, անարի, անմշակ հոգին: Ահա՛ ճշմարտութիւնը, հա՛յ երիտասարդ…»

Ն.


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.