Թել Ապիատի Արաբները Քիւրտերը եւ Հայերը Քաղաքը Կը Յայտատարեն Քրտական Շրջանի Մաս


«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, թէ անցող Յունիսին քրտական ուժերու կողմէ ազատագրուած սուրիական Թել Ապիատ քաղաքը, Հոկտեմբեր 21-ին միացաւ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քրտական ինքնավար մարզին։ Քաղաքը գրաւած էին Իսլամական Պետութեան (ISIS) ահաբեկչական կազմակերպութեան զինեալները: Քաղաքական այս քայլը, հաւանական է որ խորացնէ Թել Ապիատի սահմանակից շրջաններուն մէջ քիւրտերու ընդլայնուող դերակատարութեան նկատմամբ Թուրքիոյ մտահոգութիւնները։

Թել Ապիատի արաբ, քիւրտ, թիւրքմէն եւ հայ համայնքներու ներկայացուցիչներէն կազմուած տեղական ղեկավար խորհուրդի ժողովին մասնակցած երկու պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ խորհուրդը յայտարարած է, որ քաղաքը յետ այսու մաս կը կազմէ սուրիոյ քիւրտերու կողմէ հաստատուած ինքնավար տարածքին։

Քաղաքին մէջ տեղական ինքնակառավարում կազմակերպելու նպատակով՝ տեղի արաբ, քիւրտ թուրքմէն եւ հայ բնակչութեան ներկայացուցիչներէն կազմուած խորհրդարան հիմնուած է: Խորհրդարանը ունի 7 արաբ, 4 քիւրտ, 2 թուրքմէն եւ 1 հայ ներկայացուցիչ:
Սուրիացի քիւրտերը 2011-ին հակամարտութեան ծագումէն ի վեր հիւսիսային Սուրիոյ մէջ երեք ինքնավար շրջաններ կամ «քանթոններ» հաստատած են։ Անոնք կը հերքեն, թէ կը նպատակադրեն իրենց սեփական պետութիւնը հաստատել, սակայն Թուրքիա գետնի վրայ անոնց յառաջխաղացքէն ահազանգի մատնուած է եւ կը վախնայ, որ այդ մէկը կրնայ իր քիւրտ փոքրամասնութեան մօտ անջատողական ձգտումներ հրահրէ։

Թել Ապիատի գրաւումով քրտական վերահսկողութեան տակ գտնուող Արաբ Բունարի շրջանը միացաւ աւելի մեծ Ճազիրայի շրջանին, որ կը գտնուի քաղաքէն արեւելք եւ սահմանակից է Իրաքի։

Ժողովի մասնակիցներէն Օմար Ալլուշ «Ռոյթըրզ»-ի յայտնեց, որ Չորեքշաբթի օրուան որոշումով Թել Ապիատը պաշտօնապէս կը միանայ արաբերէնով Այն Արապ կոչուող Քոպանիի (Արաբ Բունարի «Հ») քանթոնին։

«Ատիկա Քոպանիի եւ ինքնավար վարչութեան ծրագիրը գործադրող այլ քանթոններու հետ մեր յարաբերութիւնները կ՚ամրապնդէ», ըսաւ ան, սակայն աւելցուց, որ Թել Ապիատ ինքնավար պիտի ըլլայ։

Նշենք, որ Թել Ապիատի մէջ գոյութիւն ունէր հայկական փոքր համայնք եւ եկեղեցի։ Իսլամ ծայրայեղականներու կողմէ քաղաքին գրաւումէն ետք հայերը հեռացան։ Թել Ապիատի հայկական Ս. Խաչ եկեղեցին կառուցուած է 1930-1932 թուականներուն: 1974ին, վերանորոգուած է եւ վերստին օծուած՝ 14 Սեպտեմբեր 1975ին: Երկրորդ վերանորոգութիւնը իրականացած է 1996ին: Շրջափակէն ներս կը գործէր Ս. Խաչ Կիրակնօրեայ Դպրոցը:

Ամէն տարի, Խաչվերացի տօնին, ժողովրդային ուխտագնացութիւն կը կազմակերպուէր դէպի Ս. Խաչ եկեղեցի:

Քաղաքին գրաւումէն ետք Եկեղեցին հրկիզուած է։

 

Թել Ապիատի հայկական եկեղեցին, որ Իսլամական Պետութեան զինեալներուն կողմէ հրկիզուեցաւ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.