«Ղարաբաղի Հարցին Մէջ Լիբանան Կ՛աջակցի Հայաստանին». Լիբանանի Խորհրդարանի Նախագահ


1020bwerri

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի եւ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հանդիպումը, որուն ընթացքին վերջինս յայտարարած է, որ Լիբանան միշտ ալ Հայաստանի կողքին է եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի հարցով ալ կ՛աջակցի Հայաստանի Հանրապետութեան:

Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ հանդիպումը տեղի ունեցած է Միջխորհրդարանական միութեան 133րդ վեհաժողովին զուգահեռ։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման առնչուող, միջազգային հարթակներու վրայ եւ տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:

«Միջխորհրդարանական կապերը միջպետական յարաբերութիւնների կարեւոր բաղադրիչն են. խորհրդարանների մակարդակով շփումների ակտիւացումը, ինչպէս երկկողմ, այնպէս էլ բազմակողմ ձեւաչափով նպաստում է փոխըմբռնման եւ փոխվստահութեան ամրապնդմանը», նշած է Գալուստ Սահակեան։

Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շնորհակալութիւն յայտնած է հանդիպումին համար եւ վստահեցուցած, որ Լիբանան միշտ ալ Հայաստանի կողքին է: Խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին մասին՝  Լիբանանի խորհրդարանի նախագահը վերահաստատած է Հայաստանի դիրքորոշման աջակցելու եւ անոր զօրակցելու լիբանանեան կեցուածքը։

Անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն՝ Նեպիհ Պըրրի ցաւով նշած է, որ արդէն գրեթէ չքացած են կարելիութիւնները այդ տագնապը խաղաղ ուղիով լուծելու, ուստի անհրաժեշտ է Սուրիոյ մէջ ուժով դադրեցնել տեղի ունեցող վայրագութիւնները:

Գալուստ Սահակեան իր պաշտօնակիցը հրաւիրած է Հայաստան եւ ստացած փոխադարձ հրաւէր


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.