ՀՕՄի «Սօսէ» Մանկապարտէզի Շինարարութեան Համար՝ $647,000


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».– Աշխարհի տարբեր երկիրներէ Արցախ այցելած ՀՕՄականներուն ի պատիւ ՀՕՄի Արցախի միաւորը կազմակերպած էր պաշտօնական ճաշկերոյթ-դրամահաւաք Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի կառուցման նպատակով:
Ճաշկերոյթին ներկայ էին Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեան, Լեռնային Ղարաբաղի փոխվարչապետ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Արթուր Աղաբեկեան, ԼՂՀ Ազգային ժողովի փոխնախագահ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահրամ Բալայեան, ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան անդամներ եւ այլ անձնաւորութիւններ:

«Սօսէ» մանկապարտէզի շինարարութեան նպատակով կազմակերպուած դրամահաւաք-ճաշկերոյթին հաւաքուած է անհրաժեշտ գումարին կէսէն աւելին՝ 647 հազար տոլար: Ճաշկերոյթին ամբողջ հասոյթը յատկացուած է ՀՕՄի Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի կառուցման:
Ձեռնարկին ընթացքին ՀՕՄականները եւս կատարած են նուիրատուութիւններ, որոնք պիտի տրամադրուին նոյն նպատակին։
«Ապառաժ»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՕՄի արեւելեան ափի գրասենեակի պատասխանատու եւ «Սօսէ» մանակապարտէզի շինարարութեան յանձնախումբի նախագահ Անժելա Մանուկեան նշած է, որ ՀՕՄի կեդրոնական վարչութիւնը 3 ամիսէ ի վեր քարոզչական աշխատանքներ կը տանի աշխարհի ՀՕՄի բոլոր կառոյցներուն հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ այս արդիւնքին հասնիլ։

«ՀՕՄուհիներուս համար պատիւ է Ստեփանակերտի մէջ ունենալ արդիական պահանջներով յագեցած մանկապարտէզ: Մենք ջանք ու եռանդ պիտի չխնայենք Արցախի «Սօսէ» 12 մանկապարտէզներու ցանցի վերանորոգման ծրագիրը շարունակական դարձնելու համար» յայտնած է Ա. Մանուկեան՝ աւելցնելով, որ երկու տարի ետք՝ 2017 թուականին, աշխարհասփիւռ ՀՕՄի կառոյցներու ներկայացուցիչները պիտի համախմբուին Արցախի մէջ տօնակատարելու «Սօսէ» մանկապարտէզի նոր շէնքին բացումը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.