ՀՄԸՄ Անթիլիաս Ունեցաւ Պասքեթպոլի Իր Նոր Յանձնախումբը


logo-hmem_10-07-15

ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութիւնը նշանակեց պասքեթպոլի նոր յանձնախումբ մը, որ կը բաղկանայ 6 անդամներէ:

Այս նոր յանձնախումբին անդամներն են Թալին Խաչատուրեան (յանձնախումբի նախագահ), Յակոբ Ճերենեան, Փոլ Ճալըխեան, Գէորգ Արոյեան, Կարէն Սալխանեան եւ Մկօ Օտապաշեան:

Նոր յանձնախումբը անմիջապէս սկսաւ իր աշխատանքին մասնաճիւղի պասքեթպոլի բոլոր տարիքային խումբերուն եւ ի մասնաւորի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցող խումբին հետ` պատրաստուելու համար սկսելիք նոր տարեշրջանի ախոյեանութեան, որուն փորձերուն աղջկանց խումբը արդէն իսկ պաշտօնապէս սկսած է նախորդ սեպտեմբերի կէսէն ի վեր:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.