Տաշեան Եւ Համբարձումեան Կոլեր Նշանակեցին Վարտարի Հետ
1254
0
Մակեդոնիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին, 1-8-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, Վարտար 4-1 արդիւնքով յաղթեց Փելսիթերին:
Վարտարի կազմէն իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած Յովհաննէս Համբարձումեան եւ Արտակ Տաշեան, յաջողեցան կոլեր նշանակել իրենց կազմին հետ:
Տաշեան սքանչելի կոլով մը բացաւ մրցումին հաշիւը, մինչ Համբարձումեան, որ Բ. կիսախաղին սկիզբը փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը, նշանակեց իր կազմին երկրորդ կոլը, կը հաղորդէ ArmSport.am:
Երկու կազմերուն միջեւ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 7 հոկտեմբերին: