Նիկոլ Դուման. Պողպատեայ կամքով մարտիկը եւ դաշնակցական հայդուկապետը
Սեպտեմբերի այս օրը կ’ոգեկոչենք տարելիցը անզուգական Նիկոլ Դումանի ողբերգական վախճանին։
23 Սեպտեմբեր 1914ին, ինքնասպանութեամբ այս աշխարհէն հեռացաւ հայ ազգային-ազատագրական շարժման ՄԱՐՏԱԿԱՆ հսկան, որ իր յեղափոխական յանդգնութեամբ, բարոյական խստապահանջութեամբ եւ պողպատեայ կամքով՝ պատմակշիռ ներդրում ունեցաւ դէպի նոր ժամանակներ անցքի հայութեան փառահեղ ոգորումին մէջ։
Ո՛չ, երկչոտի ինքնասպանութեամբ չհեռացաւ Նիկոլ Դուման։
Թշնամի փամփուշտը երբեք չկրցաւ խոցել Դումանի մարմինը, ոչ ալ թշնամի սպառնալիքը երբեւիցէ կրցաւ տկարացնել անոր վճռակամութիւնը։
Պարզապէս անբուժելի հիւանդութիւնը քայքայեց պողպատեայ կամքով օժտուած մարմինը Նիկոլ Դումանի։ Յոգնութիւն եւ վարանում չճանչցող Դումանի մարմինը ամբողջապէս հիւծեցաւ…
Պաքուի մերձակայքը գտնուող առողջարանի մը կազդուրման սնարին գամուեցաւ հայոց լեռներու փոթորկայոյզ պաշտպանն ու պահապանը։
Ռազմի դաշտերէն պարտադրաբար հեռու մնաց Հայկական Յեղափոխութեան անխոցելի հսկան՝ դաշնակցական հայդուկապետը ճիշդ այն ժամանակ, երբ Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումին հետ թաւալգլոր անդունդ ինկող ողջ մարդկութեան հետ՝ հայ ժողովուրդը եւս իր պատմութեան օրհասական դժոխքի սեմին կը գտնուէր։
Այդ ատեն եւ իր ապրած անզօրութեան հետեւանքով էր, որ հայ ժողովուրդի ազատագրութեան եւ ինքնապաշտպանութեան յառաջապահ մարտիկը եւ հայդուկապետը, ի տես Արհաւիրք դիմագրաւող սեփական ժողովուրդին պաշտպան կանգնելու իր անկարողութեան, որոշեց սեփական ատրճանակով վերջ տալ այլեւս միայն անկողնի ծառայելու դատապարտուած իր հողեղէն կեանքին…
Դումանի անշունչ մարմինը տարուեցաւ Թիֆլիս եւ մեծ շուքով թաղուեցաւ Խոջիվանքի գերեզմանատունը, Սիմոն Զաւարեանի շիրիմին կողքը։
Եթէ Զաւարեան խիղճն էր Դաշնակցութեան, Դուման հանդիսացաւ հայ ֆետայիին եւ յեղափոխական մարտիկին մէջ դաշնակցական խղճմտութեամբ ապրելու, մտածելու եւ գործելու բարոյականութեան ռահվիրան։
– Թշնամիին դէմ անխնայ գտնուելու, բայց «կանանց երբեք ձեռք չտալու» վեհոգութիւնը սորվեցուց՝ Խանասորի արշաւանքին ձօնուած ժողովրդական երգի բառերով։
– Ազգերու միջեւ հրահրուած թշնամանքին եւ հակամարտութեանց դէմ կանգնեցաւ ամբողջ ուժով, ազգամիջեան խաղաղութեան եւ համերաշխութեան անվհատ դրօշակիրը մնաց, բայց երբեք մտահան չըրաւ նաեւ կեանքի դաժան իրականութիւնը եւ շարունակ պատգամեց, թէ «ինչ էլ լինի, թէ՛ թշնամուն եւ թէ բարեկամին յարգանք ու պատկառանք ներշնչողը, դժբախտաբար, դեռ կոպիտ ուժն է։ Եւ մի ազգ – եթէ ուզում է մնալ յարգուած, եթէ չի ուզում կորչել – պէտք է լինի զէնքի ընդունակ, միշտ պէտք է լինի կազմ ու պատրաստ ինքնապաշտպանութեան համար, մանաւանդ քաղաքական ցնցումների վայրկեաններում»։
– Բնաւ չհանդուրժեց նիւթական, կենցաղային կամ ընկերային սայթաքումները, մեծ թէ փոքր, յեղափոխականի կոչման անարժան այն գործիչներուն, մանաւանդ մարտական հերոսի պատմուճան հագած պատեհապաշտներուն, որոնք իրենց վստահուած պարտականութիւններն ու գործերը փորձեցին ծառայեցնելու իրենց գձուձ եսի շահախնդրութեանց…:
Բարոյական այսօրինակ հսկայ էր Արցախի Խաչէն գաւառի Ղշլաղ գիւղի ծնունդ Տէր-Յովհաննիսեան քահանայի որդի Նիկողայոսը։ Ծնած 1867ին, նախնական կրթութիւնը գիւղի դպրոցին մէջ` իր հօր մօտ ստանալէ ետք, յաճախած էր Շուշիի թեմական վարժարանը, որ այդ ժամանակաշրջանին հայեցի դաստիարակութեան եւ ընդհանրապէս ուսման կարեւորագոյն օճախներէն մէկն էր հայ իրականութեան մէջ։ Շուշիի թեմական վարժարանը նաեւ յեղափոխաշունչ հայ երիտասարդութեան կազմաւորման հնոցն էր, ուր թրծուեցան Նիկոլ Դումանի, Արամի ու Վանայ Իշխանի օրինակով բացառիկ գործիչներ։
Դպրոցական տարիքէն, յեղափոխական գաղափարներով տոգորուած, Նիկոլ աշխոյժ մասնակցութիւն բերաւ աշակերտական ինքնազարգացման խումբերու կազմութեան եւ աշխատանքին։ Թրքահայոց ազատագրութեան դատին զինուորագրուելու, Երկիր անցնելու եւ կենդանի կռուին նուիրուելու գաղափարը համակած էր բոլորին։ 1887ին ուսումը աւարտելէ ետք, Նիկոլ քանի մը տարի քարտուղարական եւ ուսուցչական պաշտօններ վարեց Շուշիի թեմական իշխանութեանց մօտ։ Բայց երազը Երկիր անցնիլն էր, որ իրականութիւն դարձաւ 1891ին, երբ Նիկոլ միացաւ նորակազմ Դաշնակցութեան, որուն Պարսկաստանի վրայով Երկիր առաքուած առաջին ծիծեռնակներէն մէկը հանդիսացաւ։
1891ի աշնան Նիկոլ հասաւ Թաւրիզ, ուր կոչուեցաւ ուսուցչական պաշտօնի եւ այդ հանգամանքով կրցաւ իր շուրջ համախմբել տեղւոյն երիտասարդները` անոնց հետ ազգային-հայրենասիրական ինքնազարգացման խմբակներ կազմելով, բայց մանաւանդ զինավարժութիւն սորվեցնելով ու ռազմական պատրաստութիւն ջամբելով։ Թաւրիզի մէջ Նիկոլ ցուցաբերեց ե՛ւ մտաւորական իր շնորհները, ե՛ւ ռազմական իր բնատուր տաղանդը, ե՛ւ մանաւանդ կազմակերպական իր կարողութիւնները։ Նիկոլի անձին շուրջ եւ իր ճամբով յեղափոխական գործին նկատմամբ ստեղծուած խանդավառութիւնը այնքան մեծ էր, որ Նիկոլ ուղարկուեցաւ Սալմաստ` նաեւ սահմանը անցնողներուն հետ նախապատրաստական նոյն աշխատանքը կատարելու համար։ Այդ շրջանին էր, նաեւ, որ Նիկոլ կարեւոր ներդրում ունեցաւ Դաշնակցութեան Սալմաստի զինագործարանի կազմակերպման եւ անոր գործունէութեան ղեկավարման մէջ։
Երկիր մուտքի Նիկոլի երազանքը իրականացաւ հազիւ 1895ի աշնան, երբ աւելի քան յիսուն հոգինոց խումբով անցաւ սահմանը եւ հասաւ Վան։ Խումբը մեծ ու փոքր ընդհարումներ ունեցաւ ճամբու ամբողջ տեւողութեան, իսկ Նիկոլ ցոյց տուաւ կռուի դաշտին վրայ քաջ ու խիզախ մարտիկի իր բացառիկ ընդունակութիւնը, ինչպէս նաեւ խումբի ղեկավարման զինուորական հրամանատարի բնածին տաղանդը։ Իր քաջագործութիւնները ուղղակի առասպելական ազդեցութիւն գործեցին քիւրտերուն եւ թուրքերուն վրայ, որոնք «դուման» (փոթորիկ) կոչեցին զինք։
Վանի եւ յատկապէս գաւառի մէջ կազմակերպական աշխատանքներ կատարելէ ետք, Նիկոլ Դուման Մայիս 1896ին վերադարձաւ Սալմաստ. ճանապարհին դարձեալ ընդհարումներ ունեցաւ, բայց բոլոր կռիւներէն ալ յաղթական դուրս եկաւ` դաշնակցական ֆետայիի հերոսական քաջութեան եւ անպարտելիութեան հռչակին արժանանալով։ Այդ կռիւներու շարքին լայն արձագանգ գտաւ Դերիկի վանքին կռիւը։
Դուման նոր վերադարձած էր Սալմաստ, երբ ռուս-թրքական սահմանին վրայ տեղի ունեցաւ Վանէն հեռացող հարիւրաւոր հայ երիտասարդներու` Պետոյի, Մարտիկի եւ Աւետիսեանի խումբերուն կոտորածը Շարաֆ բէկի Մազրիկ ցեղախումբի ձեռամբ։ Դուման յղացաւ մեծ արշաւախումբով մը սահմանը կտրելու, Մազրիկ ցեղը պատժելու եւ ընդհանրապէս Երկրի հայութեան կորովը վերականգնելու գաղափարը։ Հակառակ տարբեր շրջաններէ հնչած առարկութիւններուն, Նիկոլ Դուման ամբողջ ամիսներ հետեւողական ճիգ թափեց, որպէսզի իր առաջարկին շուրջ համախոհութիւն առաջացնէ։ Ի վերջոյ Դաշնակցութեան բարձրագոյն ժողովներուն եւ մարմիններուն կողմէ ստացաւ անհրաժեշտ համաձայնութիւնը եւ 1897ի գարնան ձեռնարկեց Խանասորի արշաւանքի կազմակերպումին։
Իր զինուորական ընդունակութեամբ ու քաջ եւ խիզախ մարտիկի արժանիքներով Դուման յարմարագոյն անձը պիտի ըլլար արշաւախումբի ընդհանուր հրամանատարութեան: Այսուհանդերձ` յանուն ընդհանուր գործի յաջողութեան, Դուման անտրտունջ համաձայնեցաւ, որ Վարդանի եւ Իշխանի (Յովսէփ Արղութեանի) յանձնուին այդ պատասխանատուութիւնները, իսկ ինք բաւարարուեցաւ յիսնապետի աստիճանով։
Աշաւախումբի յարձակման պահուն, Դուման իր մարտիկներուն դիմած էր հետեւեալ բառերով` «Տղերք ջան, կանանց ու երեխաներին ձեռք մի՛ տաք, բայց տղամարդկանց անխնայ մորթոտեցէք»։
Խանասորի արշաւանքէն ետք Նիկոլ Դուման անցաւ Պաքու, ուր հիմնական դերակատարութիւն ունեցաւ թէ՛ Քրիստափորի կողքին «Փոթորիկ»ի կազմակերպման, թէ՛ 1905ի հայ-թաթարական ընդհարումներու ժամանակ Կովկասի հայութեան ինքնապաշտպանութեան կազմակերպման աշխատանքներուն մէջ։
Ցարական հրահրումով բռնկած եւ թաթարներու կրօնամոլական հայատեացութեամբ ծաւալած ազգամիջեան այդ արիւնալի ընդհարումներէն ներշնչուեցաւ Դումանի գրած «Ուղեցոյց ժողովրդային ինքնապաշտպանութեան» գրքոյկը, որ գաղափարական իր հիմքով եւ ռազմավարական իր արեւելումով` դասական մեծ ներդրում մը կը մնայ հայ ռազմավարական մտքի գանձարանին մէջ։
Բարձրահասակ, ջղուտ եւ խստաբարոյ յեղափոխականին առողջական վիճակը, սակայն, արագօրէն կը վատթարանար։ Երկար տարիներու վրայ իր ապրած անձնուրաց ու չարքաշ կեանքի պայմանները, սեփական հանգիստին եւ բժշկական խնամքի նկատմամբ անտարբերութիւնը ուղղակի քայքայեցին Դումանի առողջութիւնը։
Եւ երբ 1909ին ծայր առաւ ցարական հալածանքը Դաշնակցութեան դէմ, Դումանի յանձնարարուեցաւ հեռանալ Կովկասէն։ Անցաւ Պոլիս, հոնկէ` Եգիպտոս, ապա` Պուլկարիա։ 1910ին, Միքայէլ Վարանդեանի հետ Դաշնակցութիւնը ներկայացուց Ընկերվար Միջազգայնականի Քոփենհակընի Համագումարին, որու ընթացքին ռուս յեղափոխականներու հետ լայն բանակցութիւններ ունեցաւ` հակացարական շարժումներուն միջեւ ուժերու համակարգում ստեղծելու առաջադրանքով։
1911ին վերադարձաւ Երկիր. եղաւ Տրապիզոն, Կարին ու Վան, ուր մտադիր էր նուիրուելու կազմակերպական գործունէութեան։ Բայց Վանի ռուս հիւպատոսը, թուրք կուսակալին համոզելով, Դումանը հեռացնել տուաւ Վանէն։ Դուման անցաւ Պարսկաստան եւ հաստատուեցաւ Թաւրիզ, ուր Ռոստոմի յանձնարարութեամբ ամբողջապէս նուիրուեցաւ պարսկական Սահմանադրական շարժման պաշտպանութեան` Սահմանադրական ուժերուն եւ դաշնակցական մարտիկներուն հետ ղեկավարելով քաղաքի ինքնապաշտպանութեան կռիւները միապետական զօրքերու յարձակման դէմ։
Բայց Դումանի առողջական վիճակը շարունակ կը վատթարանար։ Կեղծ անցագրով Պարսկաստանէն անցաւ Թիֆլիս, ուր կուսակցութեան ճնշումով մտաւ հիւանդանոց` յառաջացած թոքախտը դարմանելու համար։ Այդ պայմաններուն մէջ անգամ ցարական իշխանութիւնները, դատական քննիչ Լըժինի հրահանգով, հիւանդանոցէն ձերբակալեցին եւ Մետեխի բանտը նետեցին մեծ յեղափոխականին` 1914ի Մայիսին։ Բժիշկներու միջամտութեամբ եւ երաշխաւորութեամբ, Դուման ազատ արձակուեցաւ բանտէն եւ մտաւ Թիֆլիսի Արամեան հիւանդանոցը։ Կարճ ժամանակ անց, փոխադրուեցաւ թոքախտի դէմ դարմանման Կովկասի առողջարանները` Պաքուի մերձակայքը։
Ֆիզիքական հիւծման հետ ու անկէ աւելի` արագ անկումի մէջ էր Դումանի հոգեկան վճռականութիւնը։ Օրը օրին կը հետեւէր բռնկող մեծ պատերազմի լուրերուն։ Տեղեակ էր, որ կուսակցութիւնն ու զէնքի իր ընկերները տենդագին լծուած էին Հայ Կամաւորական Շարժման կազմակերպումին, բայց ինք ուժ չունէր եւ ի վիճակի չէր այլեւս իր ներդրումը բերելու քաղաքական եւ ռազմական այդ բախտորոշ խմորումներու դիմագրաւման պատասխանատու գործին։
Դառնութեան, յուսահատութեան, անզօրութեան եւ այլեւս պիտանի չըլլալու զգացումները հոգեմաշ դարձուցին երբեմնի անզուսպ, անպարտելի՛ հերոսին, որ հռչակուած էր Դուման, Փոթորի՜կ։
Եւ 47 տարեկանին, Նիկոլ Դուման որոշեց սեփական ատրճանակով վերջ տալ հոգեմաշ իր վիճակին…
Այդպէ՛ս Նիկոլ Դուման հեռացաւ իր պաշտած ժողովուրդէն ճիշդ այն միջոցին, երբ Հայաստանն ու հայութիւնը դէմ յանդիման կանգնած էին աշխարհաւեր պատերազմի մը մութ ու մռայլ հորիզոնին։
Նիկոլ Դուման կամովին վերջ տուաւ իր հիւծած մարմնին, որովհետեւ այլեւս ի վիճակի չէր վճռորոշ իր պատասխանատուութիւնը ստանձնելու ազգային մեր ճակատագրի դարբնումին ու հաւաքական մեր կամքին եւ ուժին ամրապնդման մէջ։
Ն.