Եւրոխորհրդարանը Ատրպէյճանի Դէմ Պատժամիջոցներու Կոչ Ընող Բանաձեւ Ընդունած Է
Եւրոխորհրդարանը մարդու իրաւունքները խախտող ատրպէյճանցի պաշտօնատարներու նկատմամբ հասցէական պատժամիջոցներ կիրառելու կոչ պարունակող բանաձեւ մը ընդունած է:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կ՛ըսուի Եւրոպական խորհրդարանի պաշտօնական կայքին մէջ: Բանաձեւի օգտին քուէարկած են նիստին 365 մասնակից խորհրդարանականներէն 202-ը:
Բանձեւին մէջ կը նշուի Ատրպէյճանի մէջ բռնաճնշումներու եւ ձերբակալուած իրաւապաշտպաններու ու լրագրողներու թիւի աճի մասին:
Բանաձեւի 17-րդ յօդուածին մէջ կ՛ըսուի, որ Եւրոխորհրդարանը պէտք է քննարկէ Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու խախտման մէջ մեղաւոր ատրպէյճանցի պաշտօնեաներու նկատմամբ Եւրոմիութեան կողմէ հասցէական պատժամիջոցներ (նաեւ վիզայի արգելք) մտցուելու հարցը:
Բացի այդ, Եւրոմիութիւնը պէտք է Ատրպէյճանի կառավարութեան կոչ ընէ չեղեալ յայտարարելու ԵԱՀԿ Պաքուի գրասենեակը փակելու որոշումը եւ շարունակէ այդ կազմակերպութեան հետ համագործակցութիւնը:
Բանաձեւի 21-րդ յօդուածին մէջ հեղինակները Եւրոմիութեան երկիրներուն, ինչպէս նաեւ Եւրոմիութեան արտաքին գործոց ծառայութեան կոչ կ՛ուղղեն հրաժարուելու Ատրպէյճանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններուն դիտորդներ ուղարկելու մտադրութենէն: «Ներկայ պայմաններու մէջ դիտորդներ ուղարկելը անիմաստ է եւ կը ծառայէ ընտրութիւններու օրինականացման, որոնք կ՛անցնին լուրջ խախտումներով»,- կ՛ըսուի բանաձեւին մէջ:
Ընդունուած բանաձեւին նախագիծը Եւրոխորհրդարան ներկայացուցած է Ազատականընկերվարականներու խմբակցութիւնը (ALDE group): Վերջին պահուն անիկա քննարկման ներկայացուած է Եւրոխորհրդարանի բոլոր խմբակցութիւններու անունէն: