Թաներ Աքչամ Կը Հրապարակէ Հայերու Կալուածներու Աւարման Մասին Նոր Գիրք Մը


Թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամ Ումիթ Քուրթի հետ հրապարակած է հայերու կալուածներու աւարման մասին նոր գիրք մը։

Գիրքին խորագիրն է «The Spirit of the Laws: The Plunder of Wealth in the Armenian Genocide» եւ կը քննարկէ ցեղասպանութեան ընթացքին հայերու կալուածներու գրաւումը եւ այդ հարստութիւնը պահելու հետագայ փորձերը։

Թուրքիայէն փոխհատուցման արդի պահանջներուն համար նշանակալից է Հայոց ցեղասպանութեան առնչուած օրէնքի եւ կալուածի յարաբերութիւնը։ Այս գիրքը կը քննէ ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին հայերու կալուածներու գրաւումը եւ այդ հարստութիւնը պահելու հետագայ փորձերը։ Օրէնքի եւ համաձայնագրերու ուսումնասիրութեան ճամբով՝ գիրքը կը բացայայտէ,թէ ցեղասպանութեան ընթացքին հրապարակուած հրամանագրերը կեդրոնական սիւները կը կազմեն կալուածներու իրաւունքներու թրքական համակարգին մէջ՝ պահպանելով իրենց իրաւաբանական արժէքը, եւ թէեւ Թուրքիան հայկական կալուածները վերադարձնելու միջազգային համաձայնութիւններ կնքած է, սակայն կը շարունակէ մերժել այդ մէկը կատարել։ Գիրքը ցոյց կու տայ, թէ ցեղասպանութիւնները կախեալ չեն օրէնսդրական համակարգի քանդումէն եւ իրաւունքներու ջնջումէն, այլ՝ ընդհակառակը, ցեղասպանութիւնը գործողները իրենց ծրագիրները դիւրացնելու համար կը շահագործեն օրէնսդրական համակարգը։

Թաներ Աքչամ Քլարք համալսարանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան Գալուստեան եւ Մուկար բաժանմունքի ղեկավարն է։ Անոր ամէնէն հանրածանօթ գիրքերն են A Shameful Act: The Armenian Genocide and the Question of Turkish Responsibility (Metropolitan Books, 2006), Judgment at Istanbul: The Armenian Genocide Trials (Berghahn Books, 2011), որ գրած է Վահագն Տատրեանի հետ, եւ The Armenian Genocide and Ethnic Cleansing in the Ottoman Empire (Princeton University Press, 2012), որ 2013-ին ստացաւ Միջին Արեւելքի ուսումնասիրութեանց ընկերակցութեան «Հուրանի Պուք» մրցանակը եւ «Ֆորէյն Ըֆերզ»-ի կողմէ նշուած էր իբրեւ «2012-ի միջազգային յարաբերութեանց լաւագոյն գիրք»։

Ումիթ Քուրթ Քլարք համասլարանի պատմութեան բաժանմունքի դոկտորայի թեկնածու է։ Ան հեղինակն է The Great, Hopeless Turkish Race: Fundamentals of Turkish Nationalism in the Turkish Homeland 1911-1916 (Iletisim Publishing House, 2012), ան կը դասաւանդէ Պոլսոյ Սապանճը համալսարանին մէջ։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.