Ֆրանսայի Խորհրդարանէն Ներս Հնարաւոր Է Քննարկուի ԼՂՀ Ճանաչման Հարցը
Դաշնակցութեան հրաւէրով Ֆրանսայի Ազգային ժողովի ընկերվարական խումբի պատուիրակութեան Հայաստան եւ Արցախ այցելութեան վերջնակէտը Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրին մէջ էր:
Ֆրանսայի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ընկերվարական խմբակցութեան ղեկավար Պրիւնօ Լը Ռուին Հայաստան այցելած էր նաեւ Ապրիլ 24-ին:
«Այսօր հարցը այն չէ, թէ ինչ քայլեր կ’ընէ Թուրքիան Ցեղասպանութիւնը մերժելու ուղղութեամբ: Մեր խնդիրը Հայաստանի կողքին ըլլալն է եւ աւելի ուժեղ դարձնել Հայաստանը: Իսկ այստեղ Ֆրանսայի նախագահը իր խօսքին մէջ եւս մէկ անգամ հաստատեց Ցեղասպանութեան փաստը եւ յայտարարեց, որ ճանչնալով պէտք է առաջ երթանք եւ միասին պէտք է ըլլանք այդ հարցին մէջ»,- aparaj.am-ի փոխանցմամբ` Ծիծեռնակաբերդ այցի ժամանակ ըսած է Պրիւնօ Լը Ռուին:
«Աւելի լաւ է մէկ անգամ տեսնել, քան քննարկել, խօսիլ այն հարցի մասին, որ չես տեսած»,-Արցախ կատարած այցէն ետք ըսած է ընկերվարական խմբակցութեան ղեկավար Պրիւնօ Լը Ռուին: Իսկ այցելութիւնը Արցախ համընկաւ լարուած իրավիճակի հետ: Առաջնագիծ այցելած ֆրանսացի պատգամաւորները փաստած են, որ Դաշնակցութեան իրենց գործընկերոջ աջակցութեամբ այդ այցը հնարաւորութիւն տուաւ փաստելու մէկ բան` Ատրպէյճանի թշնամական վերաբերմունքը պէտք է փոխել:
«Տեղի կ’ունենան գնդակոծութիւններ եւ կայ մեծ լարուածութիւն: Իւրաքանչիւրը ունի պատասխանատուութիւն` խաղաղութիւն հաստատելու համար: Այն ինչ մենք տեսանք Արցախի մէջ, վերադառնալնուս պէս պէտք է ներկայացնենք մեր ընկերներուն: Պէտք չէ թոյլ տալ, որ Ատրպէյճանի թշնամական վերաբերմունքը դառնայ ընդունուած, սովորական բան մը»,- ըսած է Պրիւնօ Լը Ռուին:
Դաշնակցութեան Ֆրանսայի կառոյցի անդամ Հրաչ Վարժապետեան հետեւած է առաջնագիծին ֆրանսացի գործընկերներու զրոյցներուն: Կ’ըսէ, Ֆրանսայի խորհրդարանէն ներս մեծամասնութիւն կազմող այս խմբակցութեան այցը Հայաստան եւ Արցախ յառաջիկային մէկ նշանակութիւն կրնայ ունենալ նոյնինքն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման գործին մէջ: Ան տեղեկացուցած է, որ այդ հարցը այս օրերուն քննարկած են ընկերվարական կուսակցութեան անդամներուն հետ:
Վարժապետեան վստահեցուցած է` Արցախ կատարած այցելութենէն ետք պատուիրակութեան անդամներուն մէջ ալ աւելի ամրապնդուեցաւ այն դիրքորոշումը, որ պէտք է աշխատին Արցախի հանրապետութեան ճանաչման ուղղութեամբ եւ չի բացառեր, որ Ֆրանսայի խորհրդարանէն ներս յառաջիկային հնարաւոր է այդ հարցի քննարկումը: