Լեւոն Արոնեան. «Ազրպէյճան Կը Մեկնիմ Իբրեւ Խաղաղութիւն Տարածող Մարդ»
Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան Սենթ Լուիսի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) մէջ աւարտած ճատրակի «Սինքուեֆիլտ Քափ»-ի միջազգային մրցաշարքին սեւ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրելէ ետք Վեսելին Թոփալովի (Պուլկարիա) հետ, տիրացաւ մրցաշարքին տիտղոսին:
Այդ ճակատումէն ետք, Արոնեան բաժնեց իր տպաւորութիւնները եւ պատմեց յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին:
Ստորեւ` chess-news-ru կայքին հրապարակումին մէջ լոյս տեսած Արոնեանի յայտարարութիւնները, որոնց անդրադարձաւ ArmSport.am:
«Իմ առաջին համակիրս մայրս է: Իս կատարելիք վերջին մրցումիս ուզեցի հաւասարութիւն մը արձանագրել, որպէսզի ծնողքս հանգստանայ: «Այս մրցաշարքին տիրանալը այս տարուան իմ լաւագոյն նուաճումս էր: Կը կարծեմ, որ այս տարուան նուազագոյն խնդիրս լուծեցի:
«Մէկ շաբաթէն կը մեկնիմ Պաքու, իսկ աշխարհի բաժակի մրցաշարքէն ետք պիտի մասնակցիմ Պերլինի մէջ տեղի ունենալիք արագ ճատրակի եւ պլիցի աշխարհի ախոյեանութեան:
«Անդրադառնալով Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի բաժակի մրցաշարքին` դժբախտաբար կու գամ ըսելու, որ երկու երկիրներուն միջեւ լարուածութիւնը առկայ է:
«Սակայն, նկատի ունենալով, որ երաժիշտները եւ այլ ստեղծագործ մասնագիտութիւններու ներկայացուցիչները Ազրպէյճան կը մենին իբրեւ խաղաղութիւն տարածող մարդիկ, ես ալ պիտի փորձեմ հետեւիլ անոնց օրինակին:
«Պիտի փորձեմ ցոյց տալ, որ կը յարգեմ մեր դրացի երկիրը, պիիտ խաղամ լաւագոյնս եւ պիտի փորձեմ հաճոյք պատճառել տեղացի ճատրակ խաղացողներուն»: