Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Սկսաւ Իր Մարզական Հաւաքին


training_9-01-15

4 սեպտեմբերին Սերպիոյ Նովի Սատ քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Սերպիա – Հայաստան մրցումը, որ կ՛իյնայ Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ:

Այս մրցումին նախապատրաստուելու համար Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ սկսաւ մարզական հաւաքի մը` Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիայի դաշտին վրայ, 3 սեպտեմբերի առաւօտուն կը մեկնի Սերպիա:

Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Սարգիս Յովսէփեան հրաւիրած էր 23 ֆութպոլիստներ: Այդ կազմէն կը բացակայէր Էտկար Մանուչարեան, որ վիրաւոր է:

Անոր փոխարէն նկատի առնուեցաւ Փիւնիկի յառաջապահ Վարդան Պօղոսեան:

Երէկ Երեւան հասաւ Հենրիխ Մխիթարեան, իսկ այսօր խումբին կը միանայ Գէորգ Ղազարեան:

Մնացեալ բոլոր ֆութպոլիստները, արդէն իսկ սկսած են իրենց փորձերուն:

 

 

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.