Ճատրակ. Միջերկրականեան Ախոյեանութիւն. Նանօր Առնելեան Արձանագրեց 2 Յաղթանակ
1012
0
Յունաստանի Կրետէ կղզիին մէջ տեղի ունեցող Միջերկրականեան ճատրակի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Լիբանանի աղջկանց 12 տարեկանէն վար ախոյեան Նանօր Առնելեան տպաւորիչ ձեւով սկսաւ իր մրցումներուն, երբ արձանագրեց յաջորդական երկու յաղթանակ:
Ա. հանգրուանին Առնելեան, որ իր դէմ ունեցաւ լիբանանցի Մոհամետ Ֆարհաթը, յաղթանակ մը արձանագրեց, իսկ երկրորդին ան յաղթեց Խիրուհաքի Կերասիմոսին (Յունաստան):
Նշենք, որ այս ախոյեանութիւնը կ՛երկարի մինչեւ 3 սեպտեմբեր: