Յովիկ Մելքոնեան Աւստրալիոյ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններու թեկնածու


Աւստրալիոյ բանուորական կուսակցութիւնը Յովիկ Մելքոնեանը առաջադրած է Վիքթորիա նահանգի Քասէյ քաղաքին մէջ աւստրալիոյ խորհրդարանի անդամի պաշտօնին համար որպէս իր կուսակցութեան թեկնածու: Ընտրութիւնները պիտի կայանան 2016-ին: Մելքոնեան անդամ է ՀՅԴ Հայ դատի Աւստրալիոյ յանձնախումբին։

Կուսակցութեան 76 տոկոսը իր աջակցութիւնը յայտնած է աւստրալահայ երիտասարդ քաղաքական գործիչին: «Ինծի համար մեծ պատիւ է ստանալ նման աջակցութիւն: Ասիկա  ուժ կու տայ ինծի, որպէսզի ես մասնակցիմ եւ յաղթեմ Քէյսի մէջ ընտրութիւններուն»,­- ըսած է Մելքոնեան:

Աւստրալիոյ մէջ ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Կրեկ Սողոմոնեան յայտարարած է, որ Մելքոնեան ունի համայնքի աջակցութիւնը, եւ անոր մասնակցութիւնը պետական կառավարման գործին մէջ մեծ ներդրում կ’ապահովէ ինչպէս համայնքին, այնպէս ալ Աւստրալիոյ զարգացման գործին մէջ:

ՀՅԴ Հայ դատի Աւստրալիոյ յանձախումբի վարիչ-տնօրէն Վաչէ Ղահրամանեան շեշտած է, որ ան մեծ հաճոյքով  աշխատած է Մելքոնեանի հետ եւ վստահ է, որ աւստրալիահայ երիտասարդին փայլուն քաղաքական ապագայ կը սպասէ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.