72-ամեակ Մեծ Եղեռնի Դարձեալ Օթթաուայի մէջ
251
0
«Հորիզոն», 4 Մայիս 1987
«Հորիզոն» շաբաթաթերթի 45-ամեակին առթիւ, «Հորիզոն»ը հերթաբար պիտի հրապարակէ շաբաթաթերթի արխիւէն մեր համայնքի կարեւոր իրադարձութիւններու լրատուութիւններ, թղթակցութիւններ եւ հարցազրոյցներ: Ստորեւ կը հրապարակենք Հայոց Ցեղասպանութեան 72-ամեակին առթիւ Օթթաուայի մէջ կայացած քայլարշաւին թղթակցութիւնը.
72-ամեակ Մեծ Եղեռնի
Դարձեալ Օթթաուայի մէջ
ՀԱՒԱՔԸ
Շուրջ 2000 հայորդիներ, Գանատայի զանազան քաղաքներէն հաւաքուած Օթթաուայի մէջ, 24 Ապրիլ 1987-ին, անգամ մը եւս արտայայտեցին գանատաբնակ հայութեան վճռակամութիւնը՝ շարունակելու Հայ Դատի հետապնդման պայքարը, մինչեւ հայոց իրաւունքներու վերանուաճումը:
Հայ Դատի Գանատայի յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, քաղաքական հաւաքը սկսաւ կէսօրուան ժամը 12:00-ին, խորհրդարանի բարձունքին:
Օրուան հանդիսավար ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի բացման խօսքէն ետք, խօսք առաւ Յառաջ.-Պահպանողական կուսակցութեան ներկայացուցիչ, դաշնակցային երեսփոխան Պիլ Աթուէլ: Ան անդրադարձաւ Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան մօտ Հայ Դատի յանձնախումբերուն կողմէ տարուող աշխատանքներուն՝ ՄԱԿ-էն ներս հայութեան ներկայութիւնը որպէս ոչ-կառավարական կազմակերպութիւն ապահովելու գծով: Ան յիշեց 15 Ապրիլին խորհրդարանին մէջ իր արտասանած խօսքը եւ զօրակցութիւն յայտնեց հայութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն մէջ:
Ապա, խօսք առաւ խորհրդարանի ազատական բլոկի ատենապետ, երեսփոխան Մարսել Փրիւտ’ոմ, որ յայտնեց, թէ 24 տարիներէ ի վեր զօրավիգ կանգնած է հայութեան եւ անդրադարձաւ ձեռք ձգուած նուաճումներուն՝ Հայ Դատի գծով: Ան յայտնեց, թէ երեսփոխաններու արտայայտած զօրակցութեան մէջ քաղաքական հաշիւներ չկան. անոնց նպատակն է գանատացիներուն ծանօթացնել Հայ Դատը, եւ այդ ճամբով՝ աշխարհին յիշեցնել պատմական իրողութիւնները, 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան մասին: Ան ըսաւ, թէ ինք չի հասկնար, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը ինչո՞ւ չի ճանչնար բան մը, որ պատմական իրականութիւն է: Ան յանձնարարեց գանատաբնակ հայութեան պահել իր լեզուն, մշակոյթը, աւանդութիւնները եւ այդպիսով աւելի հարստացնել Գանատան:
Փոքրամասնական իրաւունքներու խմբակցութեան վարիչ-տնօրէն եւ ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց ենթայանձնախումբի անգլիացի անդամ պրն. Պենճըմին Ուիթիքըր Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարը դրաւ մարդկային իրաւանց եւ աշխարհի բոլոր ժողովուրդներու արդարութեան համար մղուող պայքարի ընդհանուր ծիրին մէջ, անդրադարձաւ ՄԱԿ-ի մէջ այդ գծով տարուած աշխատանքներուն եւ յոյս յայտնեց, որ մարդկային իրաւանց այլ պաշտպաններ եւս զօրավիգ կը կանգնին հայութեան եւ փոխադարձաբար:
Վերջին խօսք առնողը եղաւ Հայ Դատի Գանատայի յանձնախումբի ատենապետ ընկ. Խաչիկ Յակոբեան:
Քաղաքական հաւաքի ընթացքին, կարդացուեցան զօրակցութեան խօսքեր Փրինս-Էտուըրտ Այլընտ նահանգի վարչապետ Ժոզէֆ Ղիզէն, Ուքրայինական-գանատական յանձնախումբէն, Հրէական-գանատական համագումարէն, ֆինլանտական-գանատական մշակութային դաշնակցութենէն, Հելլէնական-գանատական համագումարէն եւ Բոլոռուսական համակարգիչ յանձնախումբէն:
ՔԱՅԼԱՐՇԱՒԸ
Առաջնորդութեամբ գանատական, նահանգային եւ Եռագոյն դրօշներուն, ցուցարարներու թափօրը ուղղուեցաւ դէպի անծանօթ զինուորի յուշարձանը, ուր Տ. Արմէն Քհն. Իշխանեան եւ Հայր Խաժակ Ծ. Վրդ. Յակոբեանի «Հոգոց»էն ետք, անոնք պրն. Պենճըմին Ուիթիքըրի հետ ծաղկեպսակ զետեղեցին յուշարձանին առջեւ:
Շուրջ մէկ ժամ տեւող քայլարշաւի ընթացքին, վերապրողներուն խումբին հետեւող հարիւրաւոր պատանիները կանչերով կ’արտայայտէին օրուան ցոյցին նպատակը:
ՑՈՅՑ
Աւելի քան հարիւր ոստիկաններով շրջապատուած թրքական դեսպանատան դիմաց հաւաքուեցաւ ժողովուրդը եւ լսեց ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական միութեան խօսքը, արտասանուած ընկհ. Ցոլինէ Շամլեանի կողմէ: Կարգ մը կանչերէ ետք, ցոյցը փակուեցաւ «Սարդարապատ»ով:
ԱՐՁԱԳԱՆԳԸ
Տեղական եւ համագանատական մամուլը, ձայնասփիւռն ու հեռատեսիլը անդրադարձան ձեռնարկին, թէ այդ օրուան անցուդարձերուն եւ թէ՝ պատմական տուեալներու, յաճախ տեղ տալով տեղի ունեցած հարցազրոյցներուն: Նկատելի էր, սակայն, որ տարբեր օրկաններ տարբեր տեղ եւ արժէք տուած էին ձեռնարկին:
4 Մայիս 1987
Comments are closed.