Հալէպի Շտապ Օգնութեան Մարմինը Կը Շարունակէ Իր Առաքելութիւնը
1221
0
չորեքշաբթի 19 Օգոստոս 2015-ին, կէսօրէ առաջ Հալէպի Շտապ օգնութեան մարմինը շարունակեց կատարել իր առաքելութիւնը: Այս մասին յայտնած է Perio News-ը:
Մարմնի կամաւոր աշխատողներու միջոցաւ նիւթական օժանդակութիւն տրամադրուեցաւ կարիքաւոր հայորդիներու, որ նախապէս արձանագրուած եւ համապատասխան թղթածրարներ պատրաստուած էր:
Նշենք, թէ տարիներէ ի վեր սուրիական հայրենիքին վիճակուած քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական պայմաններու բերումով վատթարացած է եւ սաստկացած ժողովրդային կարիքներն ու պահանջները։