Համահայկական Խաղեր. Կոլֆի Մրցաշարքին Յաղթողները Յստակացան
1174
0
Երէկ «Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ առաջին անգամ ըլլալով Համահայկական ամառնային խաղերուն ընթացքին տեղի ունեցած կոլֆի մրցումները հասան իրենց աւարտին, երբ յստակացան յաղթողները:
Աղջկանց տիտղոսին տիրացաւ Նուշիկ Գէորգեան (Երեւան), մինչ տղոց պարագային առաջին դիրքը գրաւեց Ճիմ Լիլիեն (Նիկոսիա):
Նշենք, որ կոլֆի մրցաշարքին մասնակցեցան 21 մասնակիցներ` աշխարհի 11 երկիրներէ:
Մասնակցողներուն համար տարիքային սահմանափակում չեղաւ: Ամէնէն փոքրն էր 13 տարեկան, իսկ ամէնէն տարիքոտը` 63: