Ֆրիտեոֆ Նանսէն. հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն պաշտպանը (Մահուան 85-ամեակ)
Հայ ժողովուրդի պատմութեան էջերուն իրենց արժանի տեղը գրաւած բազում հայասէրներու փաղանգին մէջ առանձնայատուկ լուսապսակով կը ներկայանայ դէմքն ու գործը նորվեկիացի մեծ մարդասէր, հայ ժողովուրդի բարեկամ եւ հայկական իրաւանց ջերմ պաշտպան Ֆրիտեոֆ Նանսէնի, որուն մահուան 85ամեակը լրացաւ Մայիս 13ին։
Հայ ժողովուրդի հազարամեակներու կեանքին ծայր աստիճան դժուարին մէկ հանգրուանին՝ թրքական պետութեան գործադրած Հայոց Ցեղասպանութեան Արհաւիրքի տարիներուն, Նանսէն նախախնամական դեր կատարեց յօգուտ Մեծ Եղեռնէն վերապրած հայութեան։
Յատկապէս հայրենիքէն արմատախիլ եղած, գաղթական դարձած եւ աշխարհի տարածքին տարագրութեան դատապարտուած հայութեան տառապանքին մօտէն հաղորդուելով եւ դարման առաջադրելով՝ Նանսէն քաղաքակիրթ մարդկութեան պատգամեց, թէ՝ «Հայ ազգի պատմութիւնը ամբողջութեամբ փորձարկում է: Գոյապահպանութեա՛ն փորձարկում»:
Մարդկային դաժանութիւն եւ տառապանք շատ տեսաւ Նորվեկիոյ մեծանուն այս զաւակը, որ իբրեւ Առաջին Աշխարհամարտի աւարտին ստեղծուած Ազգերու Լիկայի գաղաթականական հարցերով լիազօր յանձնակատար՝ մօտէն առնչուեցաւ տարբեր ժողովուրդներու բաժին հանուած ողբերգութեանց հետ։ Բայց յատկապէս հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութիւնը խորապէս ցնցեց Նանսէնին։ Ատենին Նանսէն վկայեց, թէ «Ինծի համար դժուար է հաւատալ, որ ոեւէ մէկը կրնայ ծանօթանալ հայ ժողովուրդի պատմութեան, առանց խորապէս ցնցուելու անոր մեծ ողբերգութենէն»։
Իսկ դուստրը՝ մեծանուն մարդասէրի յիշատակին նուիրուած իր յուշերուն մէջ, վկայեց.- «Հայրս մահացաւ «հայ» բառը շուրթերուն: Դուք անոր սրտի սիրելի զաւակներն էիք: Հօրս հանդէպ հայ ժողովուրդին տածած խոր սէրն ու անսահման երախտագիտութեան զգացումը անոր յիշատակի յաւերժական յուշարձանն են»:
Եւ իրաւամբ, հայ ժողովուրդն ու Հայաստանը ազգային հերոսի դափնեպսակին արժանացուցին Նանսէնին։
Մեր ժողովուրդի աշխարհասփիւռ բեկորներու յիշողութեան մէջ, մինչեւ մեր օրերը, երախտագիտութեան խոր զգացումներով կը պահպանուի անունը այս եզակի Հայասէրին։
Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին հետ Նանսէն առընչուեցաւ իր կեանքի վերջալոյսին, 1922-1923էն սկսեալ, բայց այնուհետեւ՝ մինչեւ իր վերջին շունչը, Նորվեկիոյ այս ազնուական զաւակը ծառայեց քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութեան ենթարկուած հայութեան վէրքերու դարմանումին եւ ցաւերու ամոքումին։
Ծնած էր 10 Հոկտեմբեր 1861ին, Քրիսթիանիա քաղաքի (այժմու մայրաքաղաք Օսլոյի) արուարձաններէն մէկուն մէջ։ Հայրը յաջողած ու յարգուած իրաւաբան մըն էր, որ իր բարեպաշտ ու աստուածավախ վարքով խոր անդրադարձ ունեցաւ Նանսէնի կազմաւորման վրայ։ «Անձնական պարտաւորութեան եւ բարոյական սկզբունքի» շեշտակի զգացողութիւնը Նանսէն ժառանգած էր իր հօրմէ։ Իսկ մայրը, որ բնութենապաշտ էր եւ բացօթեայ մարզանքներու մեծ հակում ունէր, իր զաւկին մէջ զարգացուց մարզիկի (դահուկորդ) եւ կենդանաբանի ու ովկիանոսագէտի ընդունակութիւնները։
Այդ ճամբով էր, որ Նանսէն դարձաւ միաժամանակ մեծ մարզիկ ու հետախոյզ, գիտնական եւ գրող, պետական գործիչ ու աշխարհահռչակ մարդասէր։
Երիտասարդական իր շրջանին, անընդմէջ ութ տարի շարունակ, Նանսէն հանդիսացաւ Նորվեկիոյ դահուկարշաւի ախոյեանը։
Օսլոյի Համալսարանի բնական գիտութեանց բաժինը ընդունուեցաւ 1880ին եւ նուիրուեցաւ կենդանական մարմիններու նեարդային համակարգի ուսումնասիրութեան, ինչպէս նաեւ ովկիանոսագիտական հետազօտութիւններու։ 1887ին իր աւարտած ուսումնասիրութիւնը՝ կենդանի էակներու նեարդային կեդրոնական դրութեան մասին, Նանսէնի ապահովեց բնական գիտութեանց տոքթորի աստիճան, անոր առջեւ բանալով հեղինակաւոր Պերկընի թանգարանի գիտաշխատողի նախանձելի ասպարէզը։
Հազիւ համալսարանէն վկայուած, 1888ին, Նանսէն ձեռնարկեց տարիներու իր երազին իրագործման, հիւսիսային բեւեռը հետազօտող առաքելութեան մը կազմակերպումին։ Սառցակալած ովկիանոսը կտրելով դէպի հիւսիսային բեւեռ առաջանալու եւ էսքիմոներու կեանքին, ինչպէս նաեւ կենդանական աշխարհի առանձնայատկութեանց մօտէն ծանօթանալու հետախուզական առաջին այդ առաքելութիւնը ամիսներ տեւեց՝ բնական դաժան պայմաններ եւ դժուարութիւններ յաղթահարելու եզակի փորձառութիւն մը շնորհելով Նանսէնի։
Երիտասարդ հետախոյզին եւ նեարդաբանութեան ու ովկիանոսագիտութեան մասնագէտին համար այդ առաքելութիւնը պարզապէս սկիզբ մը եղաւ։ Նանսէն տենդագին լծուեցաւ հետախուզական իր երկրորդ առաքելութեան նախապատրաստումին։ Յունիս 1893ին Նանսէն իր տասներկու հոգինոց անձնակազմով եւ իր հնարած Ֆրամ փոխադրամիջոցով իրագործեց երկրորդ գիտարշաւը։ Արշաւախումբը ստիպուեցաւ ձմեռը մնալ ու պատսպարուիլ էսքիմոներու հետ։ Միայն յաջորդ տարուան ամրան կրցաւ վերադառնալ Օսլօ, ուր Նանսէն արժանացաւ ազգային հերոսի ընդունելութեան։
Հետախուզական իր ծառայութեանց առ ի գնահատանք՝ Նանսէն նշանակուեցաւ Օսլոյի համալսարանի նորահաստատ ովկիանոսագիտութեան բաժնի վարիչ-տնօրէն, պաշտօն՝ որ շուտով անցումի հանգրուան մը պիտի ըլլար դէպի Նանսէն պետական գործիչի հանրային ու քաղաքական աշխոյժ ծառայութեան ասպարէզը։
Մինչեւ 1900ականները Նորվեկիա մաս կը կազմէր Շուէտի թագաւորութեան։ Բայց անկախութեան ձգտումները եւ ազգային ուրոյն պետականութեան ստեղծման պահանջները սկսած էին լայն հող գտնել նորվեկիացիներու մօտ։ Նանսէն դարձաւ դրօշակիրը Նորվեկիոյ անկախացման։ Յարաբերութիւնները սրած ու լարուած էին շուէտացիներուն եւ նորվեկիացիներուն միջեւ։ Նանսէն ի գործ դրաւ անձնական մեծ հեղինակութիւն վայելող հանրային դէմքի եւ յաջող բանագնացի իր հնարաւորութիւնները, որպէսզի առճակատումի չերթան զոյգ երկիրներու յարաբերութիւնները։
Ի նպաստ Նորվեկիոյ անկախութեան կողմնորոշուած ժամանակի եւրոպական ամէնէն ազդեցիկ ուժը Մեծն Բրիտանիան էր, որուն պաշտօնական համաձայնութիւնը ապահովելու նպատակով՝ Նանսէն ուղղուեցաւ Լոնտոն, ուր աւելի քան ամիս մը մնաց եւ սերտ կապեր հաստատեց ինչպէս թագաւորին, այնպէս ալ վարչապետին հետ։ Ապահովեց նաեւ Մեծն Բրիտանիոյ աջակցութիւնը Նորվեկիոյ անկախութեան միջազգային ճանաչումին։ 1905ին անկախ Նորվեկիոյ հաստատումէն ետք, Նանսէն ստանձնեց Նորվեկիոյ դեսպանի պաշտօնը Մեծն Բրիտանիոյ մօտ, 1906էն 1908։ Մինչ միջազգային իր հեղինակութիւնը ամրապնդելու իմաստով դեսպանութեան այդ տարիները արդիւնաւէտ եղան, անձնական կեանքի առումով եղան ծանր դժբախտութեան ժանանակաշրջան մը, որովհետեւ 1907ին Նանսէն կորսնցուց իր կեանքի ընկերը՝ Էվա Նանսէնը։
Կնոջ կորուստէն ետք Նանսէն հրաժարեցաւ պետական ծառայութենէ եւ իր լրիւ ժամանակը յատկացուց համալսարանական պաշտօնավարութեան եւ դստեր հոգատարութեան։ Բայց մինչեւ Առաջին Աշխարհամարտ տեւեց ինքնամփոփ կեանքի այդ եղանակը։ Պատերազմի բռնկումին հետ, Նորվեկիա չէզոքութիւնը ընտրեց, բայց տնտեսական դժուարութեանց առջեւ կանգնեցաւ, երբ Մ. Նահանգները պատերազմի մէջ մտան եւ արգելք դրին դէպի Նորվեկիա ապրանքներու առաքման վրայ։ Նանսէնի վիճակուեցաւ դիւանագիտական նոր առաքելութիւն մը, այս անգամ Ուաշինկթընի մօտ, տնտեսական արգելքը վերցնելու բանակցութեանց համար։ Այդ առաքելութիւնը եւս յաջողութեամբ աւարտեց Նանսէն։
Առաջին Աշխարհամարտի աւարտի օրերուն սկսած էր հասուննալ Ազգերու Լիկայի կազմութեան գաղափարը։ Նանսէն սրտանց ջատագովը եւ աջակիցը եղաւ Լիկայի կազմութեան ճիգերուն։ Եւ երբ կազմուեցաւ Ազգերու Լիկան, շտապ կարգով Նանսէնի առաջարկուեցաւ Խորհրդային Ռուսաստանի տարածքին ցիրուցան դարձած գերմանացի ռազմագերիներու հաւաքման, պատսպարման եւ տուն դարձի ծայր աստիճան պատասխանատու առաքելութիւնը։
Հակառակ խորհրդայիններու սկզբնական դժկամութեան, Նանսէն յաջողեցաւ ընդունելի խօսակից մը դառնալ պոլշեւիկներուն եւ պատուաբեր արդիւնքի տարաւ Լիկայի կողմէ իրեն վստահուած առաքելութիւնը։
Այդ յաջողութիւնը հիմք ծառայեց, որպէսզի Ազգերու Լիկան Նանսէնի յանձնէ Լիկայի Գաղթականութեան Յանձնակատարի պատասխանատուութիւնը։ Իր այդ պաշտօնին վրայ, պատմական տարողութեամբ նուաճում մը արձանագրեց Նանսէն, երբ Յունաստան-Թուրքիա պատերազմին եւ Իզմիրի Աղէտին հետեւանքով առաջացած աւելի քան մէկ միլիոն յոյն եւ հայ տեղահաններու Յունաստան տեղափոխութիւնը, իսկ Թրակիոյ շրջանէն շուրջ կէս միլիոն թուրքերու Թուրքիա տեղափոխութիւնը յաջողութեամբ կազմակերպեց։
Նանսէն նաեւ կեանքի կոչեց գաղթականներու անցագրային յատուկ դրութիւն մը, որ Լիկայի օրհնութեան արժանացաւ եւ աւելի քան 52 երկիրներու կողմէ ճանչցուեցաւ՝ Նանսէնեան Անցագիր անունը ստանալով եւ մինչեւ Երկրորդ Աշխարհամարտի աւարտէն ետք ալ ի զօրու մնալով։
Իր այդ նուաճումին համար, 1922ին, Նանսէն արժանացաւ Նոպէլեան Խաղաղութեան Մրցանակին։
Նոյն այդ շրջանին էր, որ Ազգերու Լիկայի Գաղթականութեան Յանձնակատարի իր պաշտօնով, Նանսէն լծուեցաւ Եղեռնէն վերապրած հայ գաղթականութեան հոգատարութեան դժուարին աշխատանքին։ Զուգադիպեցաւ նաեւ, որ Խորհրդային Ռուսաստանի ցորենի ցանքի փճացման հետեւանքով համատարած մեծ սովի ալիք մը հարուածեց տարածաշրջանը։ Նանսէն արագօրէն օգնութեան հասաւ, խորհրդայիններու դէմ Եւրոպայի եւ Մ. նահանգներու մէջ համատարած վերապահութեան եւ թշնամանքի մթնոլորտը փարատեց, կրցաւ նիւթական միջոցներ հաւաքել եւ առաջ տանիլ հարիւր հազարաւորներ սնունդով ու բուժումով ապահովելու մարդասիրական իր մեծ առաքելութիւնը։
Խորհրդային իշխանութիւնները, որոնք Ազգերու Լիկայով խանդավառ չէին, գրկաբաց ընդունեցին Նանսէնը։ Նոյնիսկ նկատի չունեցան, որ իր երկրի՝ Նորվեկիոյ քաղաքական կեանքին մէջ, Նանսէն երդուեալ հակառակորդ էր ընկերվարական հակումի տէր կուսակցութեանց։
Խորհրդային ընդունելութեան արժանացած՝ Նանսէն 1925ին Հայաստան այցելեց, մօտէն հետեւելու համար Թուրքիոյ գործադրած Ցեղասպանութենէն վերապրող արեւմտահայ գաղթականութեան հոգատարութեան գործին։ Նանսէն միաժամանակ Միջին Արեւելքի մէջ ցրուած հայ գաղթականութեան հոգատար պահապանը դարձաւ եւ մինչեւ 1930ի իր վախճանը՝ ամէն ճիգ ի գործ դրաւ վերապրող հայութեան վէրքերը դարմանելու եւ մեծ վիշտը ամոքելու համար։
Պատահականօրէն չէ կատարուած Նանսէնի այն հաստատումը, թէ՝ «Չարիքն ու բռնութիւնները չեն կարողացած ընկճել հայ ժողովուրդին. ամէն անգամ, որեւէ տեղէ ծագած լոյսի նշոյլն անգամ սնուցած է ազատութեան երազանքը հայ ժողովուրդին մէջ»։
Մեծ հայասէրին եւ հայոց իրաւունքներու պաշտպանին մահուան 85ամեակին նուիրուած յուշատետրի այս հակիրճ սիւնակը կ’արժէ եզրափակել հայ ժողովուրդի քաղաքական ճակատագրին վերաբերեալ Նանսէնի հետեւեալ խորհրդածութեամբ, որ միանգամայն անոր պագամն է մեր սերունդներուն.-
«Եւրոպական ժողովուրդներն ու պետական գործիչները յոգնած են մշտնջենական Հայկական Հարցէն: Ատիկա ինքնըստինքեան հասկնալի է: Չէ՞ որ այդ հարցը անոնք ձախողեցուցին: Հայաստան անունը անոնց նիրհած խիղճերուն մէջ կ’արթնցնէ սոսկ ուրացուած կամ չկատարուած խոստումներու տհաճ յիշողութիւններ: Անոնք իրենց մատը մատին չզարկին՝ իրենց խոստումները կատարելու համար, քանի որ այդ խոստումները տրուած էին թէեւ փոքր ու արնաքամ, սակայն շնորհալի ժողովուրդի մը, որ չունէր նաւթի ու ոսկիի հանքավայրեր: Կը կարեկցիմ հայ ժողովուրդին, որ խճճուեցաւ եւրոպական քաղաքականութեան մէջ: Հայ ժողովուրդին համար աւելի լաւ կրնար ըլլալ, եթէ իր անունը երբեւէ հնչած չըլլար եւրոպացի ոեւէ քաղաքագէտի բերնէն»…
Ն.