Սերճիօ Մարգարեան Լքեց Յունաստանը


Սերճիօ Մարգարեան

«Կրիք-ֆութպոլ» կայքին համաձայն, Յունաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Սերճիօ Մարգարեան հեռացաւ իր պաշտօնէն: Ան աշխատանքի սկսած էր նախորդ 12 փետրուարին եւ իր պաշտօնին վրայ մնացած 5 ամիսէ աւելի:

Անոր գլխաւորութեամբ Յունաստան հաւասարութիւն մը արձանագրեց Հունգարիոյ հետ եւ պարտուեցաւ Ֆարօ կղզիներէն` Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին:

Նշենք, որ 6-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Յունաստան կը գրաւէ Զ. խմբակին վերջին դիրքը:

Սակայն անոր այդ հրաժարականը ներկայացնելէ կարճ ատեն մը ետք, Յունաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ կը մերժէ 70 տարեկան ուրուկուէյահայ մարզիչին հրաժարականը ընդունիլ, յայտնեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.