Կռփամարտ. Հայաստանի Հաւաքականը Կը Նախապատրաստուի Եւրոպայի Ախոյեանութեան


7-20-15_boxingՀայաստանի կռփամարտի հաւաքականը, գլխաւոր մարզիչ Դաւիթ Թորոսեանի գլխաւորութեամբ, այս օրերուն ուսումնամարզական հաւաք մը կը կատարէ Ծաղկաձորի մէջ, կը յայտնէ Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:

Այս հաւաքին կը մասնակցին 21 կռփամարտիկներ, որոնցմէ զօրաւորագոյնները 5-16 օգոստոսին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Պուլկարիոյ մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի կռփամարտի ախոյեանութեան:

Հաւաքականին ուսումնամարզական հաւաքը կ՛աւարտի 30 յուլիսին: Քանի մը օրուան հանգիստէ ետք, հաւաքականը կը մեկնի Պուլկարիա:

ArmSport.am կայքը կը յայտնէ, որ 2015 տարեշրջանը հայրենի կռփամարտիկներուն համար վարկանշային է եւ Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնը ամէն ինչ կ՛ընէ, որպէսզի հայ կռփամարտիկները պատշաճ մակարդակով մասնակցին բոլոր մրցաշարքերուն:

 

 

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.