Երեւանի մէջ ծնելիութիւնը աճած է
Երեւանի ծննդատուներուն մէջ տարուան առաջին կիսամեակին արձանագրուած ծնունդներուն թիւը կը գերազանցէ նախորդ տարուան նոյն ցուցանիշը: Ինչպէս «Արմէնփրես»ին տեղեկացուցած են Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, 2015 թուականի Ա. կիսամեակին մայրաքաղաքի մէջ ծնունդներուն թիւը 180ով գերազանցած է նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի ցուցանիշը:
2015 թուականի առաջին կիսամեակին մայրաքաղաքի ծննդատուներուն մէջ լոյս աշխարհ եկած է 10.464 երեխայ:
Յունիս 26էն Յուլիս 2 ժամանակահատուածին Երեւանի քաղաքապետարանի ենթակայութեամբ գործող բժշկական հաստատութիւններ այցելած է 38.140 քաղաքացի: Յունիս 26էն Յուլիս 2 ժամանակահատուածին՝ մայրաքաղաքին մէջ ծնած է 452 երեխայ – 242 տղայ, 210 աղջիկ: