Մովսիսեան Կը Մարզուի Անհատական Ծրագիրով


6-25-15_yura-Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Սպարտակ Մոսկուայի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան, որ կը շարունակէ խնդիրներ ունենալ, կապուած` ոտքի վնասուածքի հետ, կը շարունակէ մարզուիլ անհատական ծրագիրով, կը յայտնէ ռուսական ակումբին պաշտօնական կայքը:

Ան այդ մարզումը պիտի շարունակէ ակումբին բժշկական եւ մարզական յանձնախումբին որոշումով, որմէ ետք պիտի միանայ իր խմբակիցներուն, որոնք 25 յունիսէն 12 յուլիս Զուիցերիոյ մէջ հաւաք պիտի ունենան եւ այդ ժամանակամիջոցին պիտի կատարեն ֆութպոլի բարեկամական չորս մրցումներ, կը յայտնէ TotalFootball.am կայքը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.