Թուրքիոյ Մէջ Կը Վերակառուցուի Ատանայի Հայկական Եկեղեցիներէն Մէկը


Թուրքիոյ մէջ կը վերակառուցուին Կիլիկեան Հայաստանի տարածքին` Ատանայի մէջ գտնուող Սեւ եկեղեցին (Kara Kilise) եւ Ֆեքէ ամրոցը: Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ թրքական «Milliyet» պարբերականի վկայութեամբ` վերակառուցման աշխատանքները գրեթէ աւարտած են:

Ատանայի Սիւլեմիշլի շրջանի թաղամասի թաղապետ Հասան Կեզերը տեղեկացուցած է, որ վերակառուցման աշխատանքները սկսած են 2 տարի առաջ եւ աւարտին պիտի հասնին մինչեւ տարեվերջ: Կեզերը նշած է, որ վերջերս տեղացի եւ օտարազգի զբօսաշրջիկներու մեծ հոսք կը նկատուի դէպի եկեղեցի եւ ամրոց: Անոր կարծիքով զբօսաշրջիկներու թիւը պիտի աճի, եթէ հիւրընկալելու համար համապատասխան կառոյցներ ըլլան:

Ամրոցի վերկանգնողական աշխատանքներով զբաղող հնագէտ Ատէմ Եըլտըզտ կ՛ընդգծէ, որ 1000 –ականներուն կառուցուած ամրոցը գտնուած է Փոքր Հայաստանի կամ Կիլիկեան Հայաստանի տարածքին:

«Ամրոցի հարեւանութեամբ կը վերականգնուի նաեւ Սեւ եկեղեցին, որ կապուած եղած է տարածքին մէջ գտնուող 14 այլ եկեղեցիներու հետ: Կը վերականգնուին նաեւ քանի մը այլ ամրոցներ, որոնք Ֆեքէ ամրոցի հետ ընդհանուր շղթայ կը կազմեն եւ այդ շղթային մէջ Ֆեքէ ամրոցի դերը շատ մեծ է: Այս ամրոցը շատ տպաւորիչ է իր պատմութեամբ եւ գեղեցկութեամբ: Անիկա կառուցուած է անհաւատալի եւ իւրայատուկ ճարտարապետական հնարքներով` շատ հետաքրքրական ձեւով վերամշակուած քարերէ»,- նշած է հնագէտը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.