Հայ Ըմբիշը Պաքուի Մէջ Ոսկի Մետալի Տիրացաւ


0616stepanՊաքուի մէջ տեղի ունեցող եւրոպական առաջին խաղերուն, Ռուսիան ներկայացնող Ստեփան Մարիանեան տիրացաւ ոսկի մետալի` յունա-հռոմէական ոճի ըմբշամարտի 59 քկ դասակարգին մէջ

Աւարտականին հայ ըմբիշը 3-0 արդիւնքով յաղթեց Սոսլան Տաուրովին (Պիելոռուսիա):

Նշենք, որ Մարիանեան կիսաւարտականին յաղթեց ազրպէյճանցի Էլմար Մուխթարովին, իսկ քառորդ աւարտականին` Ռոման Ամոյեանին, որ ձախողեցաւ պրոնզ մետալին տիրանալ իր մղած պայքարին մէջ:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.