Քրտական Ուժերը Կ՛ուղղուին Դէպի Թել Ապիատի Ազատագրում


Քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերը գրաւեցին հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի ամէնէն հին կեդրոններէն մէկը նկատուող Սլուք գիւղը, որ կը գտնուի Ռաքքայի գիւղական հիւսիսային շրջանին մէջ` Սուրիոյ սահմանին մօտ: Երկու կողմերուն միջեւ բուռն բախումներէն ետք ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները նահանջած են Թել Ապիատ քաղաք, որ զինուորական գետնի վրայ կը գտնուի անկումի եզրին:

Քիւրտ զինեալները, որոնք արդէն հասած են քաղաքի դռներուն, ամերիկեան ղեկավարութեամբ դաշնակից ուժերու օդային հարուածներուն օժանդակութեամբ ազատագրած են քաղաքէն արեւելք եւ արեւմուտք գտնուող քսան գիւղեր:

Հազարաւոր քաղաքացիներ բախումներուն պատճառով ուղղուած են դէպի Թուրքիոյ Աքչաքալէ սահմանային անցք, ուր սպասած են մուտք գործելու համար Թուրքիա, սակայն թրքական ապահովական ուժերը ջրաշիթ մեքենաներ օգտագործելով եւ օդը կրակելով արգելք հանդիսացած են, որ անոնք Թուրքիա մուտք գործեն: Մինչ բախումները կը շարունակուին, անցքի կէտին վրայ տեղահանուածներուն թիւն ալ կը մեծնայ, որուն զուգահեռ նաեւ կ՛աճի թրքական ապահովական ուժերուն եւ տեղահանուածներուն միջեւ լարուածութիւնը:

Մինչ այդ, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Թել Ապիատ շրջանին մէջ քրտական ուժերուն արձանագրած յառաջխաղացքին առնչութեամբ մտահոգութիւն յայտնեց: Ան նշեց, որ այդ ուժերու յառաջխաղացքին ընթացքին թիւրքմեններն ու արաբները յարձակումներու թիրախ կը դառնան` աւելցնելով, որ Թուրքիա անցեալ շաբաթ անոնցմէ 15 հազար մարդու ապաստան տուած է:

 Նշենք, որ Թել Ապիատի մէջ գոյութիւն ունէր հայկական փոքր համայնք եւ եթեղեցի։ Ծայրայեղականներու կողմէ քաղաքին գրաւումէն ետք հայերը հեռացան։ 

Թել Ապիատի հայկական Ս. Խաչ եկեղեցին կառուցուած է 1930-1932 թուականներուն: 1974ին, վերանորոգուած է եւ վերստին օծուած՝ 14 Սեպտեմբեր 1975ին: Երկրորդ վերանորոգութիւնը իրականացած է 1996ին: Շրջափակէն ներս կը գործէր Ս. Խաչ Կիրակնօրեայ Դպրոցը:
Ամէն տարի, Խաչվերացի տօնին, ժողովրդային ուխտագնացութիւն կը կազմակերպուի դէպի Ս. Խաչ եկեղեցի:

Քաղաքին գրաւումէն ետք Եկեղեցին հրկիզուած է։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.