Ըստ թուրք լրագրողին՝ Թուրքիոյ ընտրութիւններուն յաղթեցին ծպտեալ հայերը


Թուրք լրագրող Մեհմէտ Շևքէթ Էյգին Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերաբերեալ բաւական հետաքրքրական վըրլուծումներ եւ մեկնաբանութիւներ կատարած է Milligazete կայքէջի Յունիս 11-ի թիւին մէջ: Ան կը կարծէ, որ ընտրութիւններուն յաղթած են ծպտեալ հայերը (իսլամացած հայեր, թաքուն հայեր):

«Յաղթեցին ծպտեալ հայերը» խորագրով յօդուածին մէջ էյգին կը պնդէ, որ քրտամէտ «Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը» (ԺՀԿ-HDP)

իրականութեան մէջ քրտական չէ: «Արտաքնապէս քրտական երևցող այդ կուսակցութիւնը, իրականութեան մէջ ինքնութեամբ ծպտյալ կուսակցութիւն է»:

Այնուհետև անդրադառնալով հայ թեկնածուներու խորհրդարանի անդամ ընտրուելու փաստին՝ ան կը գրէ. «Խորհրդարանին մէջ յայտնուած են Թուրքիոյ քաղաքացի երեք հայեր: Ծպտեալ հայերու թիւը խորհրդարանին մէջ ստոյգ չեմ գիտեր, բայց կը կարծեմ` 40-էն պակաս չէ»:

 Ան կը շարունակէ յօդուածը գրելով. «Ծպտեալ հայերը կ՚օգտագործեն իսլամ քիւրտերուն: Այդ պատճառով  ամենամեծ վնաս կրողը պիտի ըլլան սիւննի իսլամ քիւրտերը»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.