Եռաբլուրի Մէջ Պիտի Բացուի Ազատամարտիկներու Թանգարան


Եռաբլուրի զինուորական պանթէոնի տարածքը մնայուն կերպով բարեկարգման մէջ է։ Յաջորդ տարի՝ 2016ին, հանրութեան դիմաց իր դռները պիտի բանայ պանթէոնին յարակից տարածքին մէջ կառուցուող, ճարտարապետական ինքնատիպ ոճով օժտուած Ազատամարտիկներու թանգարանը:

Նախագծային ծրագիրներուն եւ իրականացուելիք աշխատանքներու ժամանակացոյցին ծանօթանալու նպատակով 11 Յունիսին Եռաբլուր զինուորական պանթէոն այցելած է պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան: Պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեանի եւ պաշտպանական գերատեսչութեան այլ բարձրաստիճան ներկայացուցիներու ընկերակցութեամբ նախարար Օհանեան շրջագայած է պանթէոնին մէջ, տուած է շարք մը ցուցմունքներ եւ յանձնարարականներ՝ գերեզմանաքարերու շրջակայ տարածքներուն մէջ բարեկարգման աշխատանքներ եւ շաբաթօրեակներ կազմակերպելու նպատակով, որպէսզի ուխտատեղի դարձած Եռաբլուրի բարձունքը քաղաքացիներու այցելութիւններուն համար առաւել յարմարաւէտ վայր մը ըլլայ։

Ազատամարտիկներու թանգարանի նախագծային-հաշուարկային աշխատանքներուն մասին նախարար Օհանեանին մանրամասն տեղեկութիւններ ներկայացուցած է պաշտպանութեան նախարարութեան շինարարութեան եւ զօրքերու բնակաւորման վարչութեան պետ Աշոտ Գրիգորեան, կառուցման աշխատանքներ կատարող ճարտարապետներն ու պատասխանատու այլ մասնագէտներ, որոնք հաստատած են, որ շինարարական եւ կահաւորման աշխատանքներու աւարտէն ետք երկյարկանի շինութիւն ամբողջովին համահունչ պիտի ըլլայ ժամանակակից թանգարանային պահանջներուն: Յատկանշական է, որ իբրեւ զոհուած հերոս հայորդիներուն քաջագործութիւնն ու սխրանքը վերարժեւորելու այլ կարեւոր հարթակ մը՝ Ազատամարտիկներու թանգարանը պիտի ունենայ գեղեցիկ ցուցասրահներ, ինչպէս նաեւ տեսաերիզի սրահ՝ յագեցած ժամանակակից թեքնիք միջոցներով:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.