Արցախի Հարցին Վերաբերող Զեկոյց Պատրաստելու ԵԽԽՎի Որոշումը Կրնայ Վնասել Բանակցային Գործընթացին


 

Untitled
ԵՐԵՒԱՆ.– 11 Յունիսին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունած է Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի համազեկուցողներ Աքսել Ֆիշըրը եւ Ալան Միլը։
Հանդիպման ընթացքին՝ խօսելով ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն կողմէ գործադրուող ջանքերուն մասին՝ նախարար Նալբանդեան ըսած է, որ ղարաբաղեան հիմնահարցին մասին զեկոյց պատրաստելու ԵԽԽՎի որոշումը կրնայ վնաս հասցնել եռանախագահներուն գործունէութեան, նաեւ ընդհանրապէս բանակցային գործընթացին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.