Շուրջ 100 Տարի Առաջ Near East Relief-ը ընթացք առաւ՝ Օժանդակելու Համար Սուրիոյ մէջ Տեղահանուածներուն


Near East Relief-ի կեդրոն մը Հալէպի մէջ 1920-ականներուն

armenianredwoodproject.org կայքը կը գրէ, որ Սուրիոյ ներկայ հակամարտութիւնը, որ արդէն իր 5-րդ տարին մուտք գործած է, ընտանիքներ մասնատած է։ Ամբողջ համայնքներ արմատախիլ եղած են եւ մեծաթիւ մարդիկ տարտղնուած են Սուրիոյ մէջ, իսկ միլիոնաւոր ուրիշներ՝ մօտակայ երկիրներուն մէջ։

Սուրիոյ մէջ ուրիշներու նման հայ համայնքը եւս վնասներու ենթարկուած է է եւ հայ ընտանիքներն ու համայնքի անդամները տեղահանուած ու իրարմէ բաժնուած են։

Ընտանիքի բազմաթիւ անդամներ, որոնք այսօր Երեւան կը գտնուին քանի մը տարի առաջ հեռացան, երբ Հալէպ-Երեւան օդային կամուրջը տակաւին կը գործէր։ Վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին եւ 2013-ին Հալէպի օդակայանի փակումէն ետք, սուրիացի ընտանիքները, որոնք որոշեցին պատերազմական վիճակի մէջ գտնուող Հալէպէն հեռանալ, ստիպուեցան յարաբերական ապահովութեան համար վտանգաւոր տարածքներէ անցնելով տեղափոխուիլ ծովեզերայ շրջաններ կամ ալ հիւրընկալ մօտակայ երկիրներ, ինչպէս՝ Լիբանան։ Այդ օրէն ի վեր 2015-ին գործադրութեան դրուած նոր քաղաքականութիւն մը սուրիացիներուն վրայ պարտք կը դնէ Լիբանան մուտք գործելու համար մուտքի արտօնագիր ստանալ, կամ այդ երկիր մուտք գործել 24-48 ժամուան համար ի զօրու եղող անցագրերով եւ դէպի երրորդ երկիր մը ուղեւորութեան անփոխհատուցելի օդանաւային կտրոնով։ Ինչ որ կեանքը աւելի դժուարացուցած է։

Գումակային դժուարութեանց կողքին, գաղթական ընտանիքները հիւրընկալ երկիրներ հասնելէ ետք կը դիմագրաւեն իրենց օրապահիկը ապահովելու մարտահրաւէրներ։ Սուրիոյ աւելի քան չորսամեայ քաղաքացիական պատերազմին իբրեւ հետեւանք, այժմ Լիբանանի բնակիչներուն մէկ չորրորդը գաղթականներն են։ Անոնցմէ շատեր աղքատ վիճակի մէջ կ՚ապրին եւ երբեմն կը դիմագրաւեն բնիկներուն դժգոհութիւնը։

Այդ պատճառով՝ բազմաթիւ ընտանիքներ ստիպուած եղան տարտղնուելու։ Ընտանիքներուն հայրերը ստիպուեցան արտասահման գաղթել եւ աշխատիլ։ Այլ պարագաներու, մայրերը իրենց զաւակներուն հետ փոխադրուեցան աւելի ապահով վայրեր իրենց ետին ձգելով հայրերը՝ հսկելու համար (այժմ լքուած եւ քանդուած) գործատեղիներուն։

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԸ Near East Relief-ԷՆ Ի՞ՆՉ ՍՈՐՎԵՑԱՒ

Հայերը շատ լաւ կը հասկնան, թէ մարդիկ, որոնք ստիպողաբար փախուստ տուած են իրենց տուներէն եւ այլ երկիրներու մէջ ապաստանած, օժանդակութեան կարիքը ունին։ 1915-ի աւերիչ ցեղասպանութենէն ետք, Near East Relief-ի յանձնախումբը (մասամբ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկըթաուի դրդումով) աշխատանք տարաւ հաւաքելու ամերիկացի ժողովուրդէն նիւթական ուժանդակութիւն եւ մարդասիրական օժանդակութիւններով բեռնաւորուած նաւեր ուղարկեց Փոքր Ասիա եւ Միջին Արեւելք, գաղթակայաններ, որբանոցներ դարմանատուներ եւ արհեստից վարժարաններ կառուցեց։ Ընդհանուր առմամբ, Near East Relief-ը 1915-1930-ի միջեւ մարդասիրական օժանդակութեան համար ամերիացի ժողովուրդէն 116 միլիոն ամերիկեան տոլար հաւաքեց։ Շուրջ հազար ամերիկացի քաղաքացիներ կամաւորաբար մեկնեցան արտասահման։ Near East Relief-ը փրկեց կեանքերը աւելի քան մէկ միլիոն գաղթականներու, ներառեալ 132,000 որբերու, որոնք Near East Relief-ի որբանոցներուն մէջ, ներառեալ Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ գտնուող որբանոցներուն մէջ հոգատարութեան արժանացան եւ կրթութիւն ստացան։ Անոր աշխատանքը վերջերս փաստագրուած է համացանցային ցուցահանդէսի մը մէջ։

Հայոց ցեղասպանութեան յաջորդող տարիներուն իր ժրաջան աշխատանքի ճամբով՝ Near East Relief-ը եւ անոր հիմնադիրները, ներառեալ Թուրքիոյ մէջ ամերիկացի դեսպան Հենրի Մորըկնթաուը, Միացեալ Նահանգներու մէջ «քաղաքացիական մարդասիրութիւն»-ի աւանդութիւնը հաստատեցին։

Near East Relief-ը ռահվիրան եղաւ այն գաղափարին, թէ բոլոր ամերիկացիներ, անկախ իրենց տարիքէն, եկամուտէն կամ ենթահողէն կրնան կարիքաւոր մարդոց օժանդակել։ Համայնքային խմբաւորումներէ մինչեւ մանուկներ, ոեւէ մէկը կրնայ իր ժամանակը կամ մասնագիտութիւնը նուիրաբերել։ Նախապէս, մարդասիրութիւնը մեծ նուիրատուութիւն կատարելու հարուստներուն մենաշնորհն էր։

Արդ, 2015-ին, «բառացիօրէն ամբողջ ազգ մը կենդանի պահելէն» (մէջբերումը ամերիկացի պատմաբան Հաուըրտ Սաչարի) մէկ դար ետք, աշխարհասփիւռ հայերը յարգանքի տուրք մատուցեցին այն աշխատանքին որ տարած է Near East Relief-ը եւ Սարա Գոռնինկի նման անձնուրաց անհատներ։

Թէեւ մէկ դար ետք սփիւռքի Մերձաւոր Արեւելքի հիմնարկին յարգանքի տուրք մատուցելը պատշաճ է, սակայն բաւարար չէ, երբ մէկ դար առաջ փրկուած որբերուն շառաւիղները դարձեալ գաղթական կը դառնան։ Ինչպէս ըսինք, աւելի քան հազար անձեր արտասահմանի մէջ աշխատեցան Near East Relief-ի համար եւ ոմանք մինչեւ իսկ ծառայութեան ընթացքին մահացան։ Մեր ունեցած տեղեկութեանց համաձայն, մենք տեղեակ չենք, որ 2015-ին, հայկական սփիւռքի տարածքին քաղաքացիական մարդասիրական աշխատանք տեղի կ՚ունենայ Սուրիոյ պատերազմի տուժածներուն օժանդակելու համար։

2015-ին, լաւագոյն յարգանքի տուրքը, որ կարելի է Near East Relief-ին տալ՝ սորվիլն է, թէ այդ կազմակերպութեան հիմնադիրները, նուիրատուները, կամաւորներն ու պաշտօնեաները ինչ նպատակ կը հետապնդէին, երբ «աստուածաշնչեան հողերու մէջ սովահար հայերուն» կ՚օժանդակէին։ Անոնց միջամտութիւնը ազդու կերպով տարածուեցաւ ամբողջ աշխարհի վրայ եւ մարդկային տառապանքի ժամանակներու մէջ քաղաքացիական պատասխանատուութեան նոր արժէչափեր հաստատեց։

Կը կարծենք, որ ժամանակն է, երբ աշխարհի քաղաքացիները սկսին վարժուիլ տալու գաղափարին՝ մասնակցելով շարք մը դրամահաւաքի նախաձեռնութեանց։ Այդ հիմամբ, Armenian Redwood Project-ը 2015-ի այս յիշարժան տարուան յունիսի սկիզբը պիտի նախաձեռնէ իր սեփական #RootsForRefugees արշաւին։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.