Թուրքիոյ ճնշումով Գերմանիոյ խորհրդարանի բանաձեւէն հանուած է «Ցեղասպանութիւն» եզրը, կ՚ըսէ Աշոտ Հայրունի


«Թուրքիա Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան միջոցով Գերմանիոյ Խորհրդարանին (Պունտեսթակի) վրայ ճնշում բանեցուցած է, որուն իբրեւ հետեւանք Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ խոստացուած բանաձեւէն հանուած է «Ցեղասպանութիւն» եզրը», ըսած է գերմանագէտ փրոֆ. Աշոտ Հայրունի՝ «Երկիր Մետիա» կայքէջին տուած հարցազրոյցին ընթացքին։ Ըստ անոր, բանաձեւի նախագիծին մէջ Հայերուն համար կան ողջունելի եւ ընդունելի, բայց միաժամանակ՝ նաեւ անընդունելի տարրեր։

«Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը պէտք է աշխատի Խորհրդարանի այն երեսփոխաններուն հետ, որոնք տակաւին չեն կողմնորոշուած այս հարցին շուրջ։ Մինչեւ Յուլիս ժամանակ կայ այս հոլովոյթին համար։ Յուլիսի երկրորդ կէսին, երբ Խորհրդարանը արձակուրդ կ՚առնէ, այդ ժամանակը կրնայ ծառայել ի նպաստ մեզի», ընդգծած է Աշոտ Հայրունի։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.