Երեք Հայեր Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ ընտրուեցան


Յունիս 7-ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ։ Իշխանութեան գլուխը գտնուող Էրտողանի Ադրարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութիւնը՝ AKP հետամուտ էր Խորհրդարանին մէջ բացարձակ մեծամասնութիւն ապահովելու, առանց որեւէ խոչնդոտի փոփոխութեան ենթարկել կարենալու համար երկրին Սահմանադրութիւնը եւ այդպէսով ալ բացարձակ լիազօրութիւններ ապահովելու նախագահ Էրտողանին։

Սակայն վերջնական արդիւնքներուն համաձայն՝ AKP յաղթանակելով հանդերձ, ձեռք ձգեց ձայներու միայն 41%-ը, այլ խօսքով՝ պիտի ունենայ 258 երեսփոխան ընդհանուր 550-ին վրայ, այսինքն նուազ քան՝ բացարձակ մեծամասնութեան համար անհրաժեշտ 276 աթոռէն։ Երկրորդ դիրքի վրայ հասաւ Հանրապետութեան Ժողովրդական Կուսակցութիւնը (CHP) 25%-ով (132 երեսփոխան), երրորդ եւ չորրորդ դիրքի վրայ հասան ազգայնամոլ՝ Ազգային Շարժում (MHP) եւ քրտամէտ՝ Ժողովուրդներու ժողովրդավար կուսակցունը (HDP) յաջորդաբար ձայներու 16,3%-ով (81 երեսփոխան) եւ 13%-ով (79 երեսփոխան)։
Ընտրութիւններուն մէկ կարեւոր երեւոյթը այն է, որ քրտամէտ HDP կուսակցութեան արձանագրած յաջողութիւնն է։ Ան շահեցաւ 10%-ի սահմանը գերազանցելով Խորհրդարան մուտք գործելու իր գրաւը։

Միւս կողմէ, թրքահայ համայնքին համար կարեւոր երեւոյթը՝ հայ հինգ թեկնածուներէն երեքին յաջողութիւնն է, որոնք մուտք պիտի գործեն Թուրքիոյ Ազգային Ժողով։

Այսպէս, Պոլսոյ երկրորդ ընտրատարածքին մէջ, ընդդիմութեան գլխաւոր կուսակցութեան CHP-ի ցանկէն երեսփոխանուհի ընտրուեցաւ Սելինա Էօզուզուն-Տողան։

Ընտրուած երկրորդ Հայը իշխանութեան AKP կուսակցութենէն թեկնածու Մարգար Եսայեանն է, որ կը ներկայանար նոյնպէս՝ Պոլսոյ 2-րդ ըֆտրատարածքէն։

Հայ երրորդ թեկնածուն, որ ընտրուած է՝ համայնքային գործիչ եւ հայկական դպրոցներու վարիչ յանձնաժողովի պատասխանատու Կարօ Փայլանն է։ Ան թեկնածու էր քրտամէտ HDP կուսակցութեան Պոլսոյ 3-րդ ընտրատարածքի ցանկէն։

HDP-ի Պոլսոյ ցանկերուն մէջ կային երկու այլ հայ թեկնածուներ եւս՝ Ֆիլոր Ուլուք եւ Մուրատ Մըխճը, որոնք սակայն չընտրուեցան։Այսպէսով, շուրջ 60 տարուան ընդմիջումէ ետք Թուրքիոյ Ազգային Ժողով մուտք կը գործեն երեք Հայեր։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.