Նոր թատերաբեմը Թուրքիոյ մէջ


Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքները տակաւին չեն յայտարարուած. այնուամենայնիւ քաղաքական թատերաբեմի ուրուագիծը յստակ կը թուի ըլլալ այս կէտին վրայ։ Էրտողան չէ յաջողած Ազգային Մեծ Ժողովէն դուրս պահել Սելահետտին Տեմիրթաշի նոր կուսակցութիւնը՝ HDP-ն։ Քուէներու երկու երրորդի հաշուառումը ցոյց կու տայ, որ Տեմիրթաշ արդէն ճեղքած է 10%-ի պայմանական շեմը և կը պատրաստուի տեղ գրաւել նոր խորհրդարանէն ներս։ Իսկ Էրտողանի կուսակցութիւնը՝ AKP, որ 2002-էն ի վեր կը տիրապետէր երկրի քաղաքական դաշտին, դեռ չէ իսկ հասած 45%-ի մակարդակին։ Մեծ պարտութիւն մը, արդարև, Նախ. Էրտողանի համար և մեծ հարուա՛ծ մը՝ իր հեղինակութեան։

 Այս բոլորէն կը հետևի, որ կը գտնուինք Թուրքիոյ քաղաքական դաշտի վերադասաւորման նախօրեակին։ Ճիշտ է, որ Էրտողանի կուսակցութիւնը Վարչապետ Տաւութողլուի գլխաւորութեամբ պիտի շարունակէ ըլլալ մեծամասնական ուժը Ազգային Մեծ Ժողովէն ներս և սակայն իր զեղջուած ուժականութեամբ՝ ան պիտի ստիպուի փնտռել գործակցութիւնը իր հակառակորդներուն։ Անոնցմէ առաջինը Քիլիճտարողլուի քեմաալիստներն են (CHP), որոնք հաւանաբար պիտի գրաւեն (ինչպէս նախապէս) երկրորդ տեղը խորհրդարանին մէջ։ Այս վերջինին կը յաջորդեն Պահչելիի ծայրայեղ աջակողմեան ազգայնականները (MHP), որոնք, ըստ դիտողներու, վերջերս մերձեցման որոշ տրամադրութիւն կը ցուցաբերեն Էրտողանի կուսակցութեան նկատմամբ։ Էրտողան և Տաւութողլու պիտի ոււզե՞ն դաշնակցիլ այս երկու ուժերէն մէկնումէկուն հետ։ Եւ յատկապէս որու՞ն։ Եւ ի՞նչ առաջնահերթութեան համար և ի՞նչ գնով…

 Էրտողանի կուսակցութեան առաջնահերթ խնդիրն է այսօր խորհրդարանէն կորզել իրենց կողմէ առաջարկուած սահմանադրական փոփոխութիւններու փաթեթը, որուն շնորհիւ AKP ինքզինք կը հաստատէ որպէս լայն լիազօրութիիւններով գործող միահեծան նախագահական ուժ։ AKP կրնա՞յ այս բանը իրագործել համաձայնութեան եզրեր գտնելով իր վերոյիշեալ հակառակորդներուն հետ և բանալի դիրքեր զիջելով անոնց։ Թուրքիոյ ներքին քաղաքական դաշտը պիտի բիւրեղանա՞յ, թէ աւելի ևս պիտի պղտորի նմանօրինակ մէկ դաշինքով։ Քրտական խնդիրը կ՚երթայ դէպի նոր բևեռացումներու՞, թէ դէպի նոր համակեցութեան։ Եւ վերջապէս ի՞նչ բանի կը յանգի Էրտողանի «օսմանականութեան» տարածաշրջանային քաղաքականութիւնը այս բոլորէն ետք…Եւ ինչպիսի՞ յենարաններու կրնայ ապաւինիլ Էրտողան Արևմուտքի և Ռուսաստանի մէջ։

 Պէտք չէ անշուշտ բացառել հաւանականութիւնը Տեմիրթաշի հետ ուղիղ հաշուի նստելու էրտողանեան նախաձեռնութեան մը։ Էրտողան կրնայ նախ փորձել խաղաքարտերը խառնել հարցականի տակ առնելով HDP-ի քուէն դիմելով Սահմանադրական Դատարան։ Այդ բանին գինը շատ բարձր է և յաջողութիւնը՝ լրջօրէն խնդրական։ Էրտողան կրնայ նաև փորձել իր նոր խաղին մէջ ներքաշել HDP-ն…Այս մէկը բոլորովին նոր և ականուած փորձադաշտ մըն է քիւրտերու այսօրուան ղեկավարութեան համար։ Իրականութեան մէջ, ասիկա քիւրտերու քաղաքական հասունութեան իսկական վայրկեանն է։ Ճշմարտութեա՛ն վայրկեանը։ Տեմիրթաշ պիտի կրնա՞յ մնալ սևեռուած մարդկային իրաւանց և ժողովրդավարութեան ի խնդիր մղուող պայքարի իր դիրքերուն վրայ։ Պիտի կրնա՞յ ուժի նոր խարիսխ մը ձևաւորել Թուրքիոյ քաղաքական կեանքին մէջ։ Պիտի կրնա՞յ բանալ Թուրքիան նոր փորձի և նոր չափանիշներու համար։ Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութեան թատերաբեմը իսկապէ՞ս պիտի ըլլայ նոր, թէ պիտի շարունակէ ցոլացնել վերջին 150 տարուան ընթացքին դրսևորուած Թուրքիոյ բոլոր մութ բնազդները։

 Եւ Տեմիրթաշ ի վերջոյ ո՞ր Թուրքիոյ մաս պիտի կազմէ։

 Կարօ Արմենեան


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.