Ճատրակ. Ռոպերթ Յովհաննիսեան` Առաջին Դիրքին Վրայ
1273
0
Կրանտմասթըր Ռոպերթ Յովհաննիսեան, որ Քազանի մէջ (Ռուսիա) իր մասնակցութիւնը կը բերէ Նեծմեթինովի 37-րդ ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, 5-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք առաւելագոյն 5 կէտէն 4,5 կէտ ապահովելով առանձինը կը գրաւէ առաջին դիրքը, կը յայտնէ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը` armchess.am:
Կրանտմասթըր Զաւէն Անդրէասեան եւ ՖԻՏԷ-ի վարպետ Դաւիթ Շահինեան ապահոված են 3,5 կէտ, մինչ 2,5 կէտ ապահոված է Կարինա Համբարձումեան:
Մրցաշարքը կ՛աւարտի 8 յունիսին: