Ռեմոն Գէորգեանի «Հայոց ցեղասպանութիւն» թրքերէնի թարգմանուած գիրքը Թուրքիոյ մէջ սպառած է


Ֆրանսահայ ծանօթ պատմաբան Ռեմոն Գէորգեանի Հայոց ցեղասպանութեան նիւթին շուրջ կատարած ուսումնասիրութիւնները ամփոփող «Հայոց ցեղասպանութիւն» գիրքը թարգմանուած էր թրքերէնի եւ լոյս տեսած՝ 2015 Մարտին։

«Իլէթիշիմ» հրատարակչատան լոյս ընծայած հատորին ամբողջ տպաքանակը՝ 3000 օրինակները արդէն սպառած են։

 Հատորին թրքերէն տարբերակին խմբագրական աշխատութիւնը կատարած են Ահմէթ Ինսէլ եւ Քերեմ Իւնիւվար։ Թարգմանութիւնը կատարած է Այշէն Թաշքէնթ Էքմէքչի։

1167 էջնոց գիրքը, որ ֆրանսերէնով լոյս տեսած էր 2006-ին, կը բաղկանայ հիմնական 6 բաժիններէ, որոնց մէջ կը խօսուի 19-րդ դարավերջի իրադարձութիւններէն մինչեւ Հայկական Ցեղասպանութիւնն ու Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութիւնը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.