Սիսի կաթողիկոսարանի տարածքին վրայ մանկական զբօսայգի կառուցած են


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Ապրիլ 28-ին դատի դիմեց Թուրքիոյ Սահմանադրական Ատեանին մօտ՝ պահանջելով Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի տարածքին վերադարձը կամ հակառակ պարագային՝ 100 միլիոն լիրա (37 միլիոն 362 հազար տոլար) հատուցում։

 Այդ դիմումէն անմիջապէս ետք, Քոզանի (Սիսի թրքական անուանումը) քաղաքապետը, ազգայնամոլ MHP կուսակցութենէն Մուսա Էօզթիւրք յայտարարած էր, թէ «Հայրենիքի թիզ մ՚՚՚իսկ հող չունինք տալու ոեւէ մէկուն»։ Այս յայտարարութենէն անմիջապէս ետք, քաղաքապետի հրահանգով մանկական զբօսայգի մը կառուցուած է կաթողիկոսարանի տարածքին վրայ, որ տարիներէ ի վեր կը մնար անտեսուած։ Բացումն ալ ինք՝ անձամբ կատարած է։

Թրքական Demokrathaber թերթի Մայիս 30-ի թիւին մէջ, թերթի աշխատակիցներէն Հրանդ Գասպարեան կը հաստատէ վերինշեալ լուրը եւ կը նշէ, որ Սիսի կաթողիկոսարանի վանքի տարածքը կը գտնուի Քոզանի Թաշ թաղամասին մէջ, որուն թաղապետ Մուրատ Աքի պահանջքով կառուցուած է է խաղավայր-զբօսայգին, որուն կառուցման օժանդակած է Քոզանի քաղաքապետարանը։ 

Սիսի Սուրբ Սոփիա Մայր տաճարը հիմնայատակ աւերած են 1940-ական թուականներուն: Տաճարի սրբատաշ քարերը օգտագործուած են մերձակայ բնակարաններու կառուցման համար։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.