100-ամեակէն վերջ՝ ի՞նչ


Այս հարցումը վերջերս նիւթ դարձաւ կարգ մը յօդուածներու , որոնք սահմանափակուած մնալով մտածումի թափառումներու մէջ` բնականաբար չէին յաւակներ համապարփակ պատկերացումով մը իրենց իսկ հարցադրածին պատասխանը յստակացնելու , ընելիքներու յայտագիրի մը յանգելու :

Աթէնքի Արամ Մանուկեան կոմիտէութեան ընկերական կազմի ժողովին մէջն ալ կայացաւ միեւնոյն հարցումով ու թափառումներով զրոյց մը, որու ընթացքին տրուած զեկոյցին , կատարուած հաստատումներուն ու յայտնուած մտածումներուն կարգ մը կէտերու հրապարակումը ոչ միայն անտեղի կամ անպատեհ չէ , այլ, ընդհակառակը, կրնայ հանդիսանալ գրգիռ ու խթան՝ աւելի խորացուած նոր որոնումներու :

Ահաւասիկ այդ կէտերու ներկայացումը ՝ հնարաւոր խտացումով .

Ա. Պէտք է խոստովանիլ , որ ոչ միայն Թուրքիոյ , այլ նոյնիսկ մեզի համար անսպասելի էին 100-ամեակի կոչին համազգային մաշտապով հայ զանգուածներու մեծածաւալ ընդառաջումը եւ անոր յառաջացուցած համաշխարհային արձագանգին անչափելի տարողութիւնը : Անգամ մը եւս հաստատուեցաւ , որ ցեղասպանութիւնը մշտարծած պահելու խնդիրը , բացի ազգային արժանաւորութիւն մը ըլլալու հրամայականէն , իբրեւ ազդակ՝ է’ նաեւ քաղաքական շատ կարեւոր ու չմաշող դրամագլուխ մը ՝ հայ զանգուածներ զօրաշարժելու , Թուրքիան շփոթի ու ջղաձգութեան մատնելու եւ միջազգային համակրանք շահելու համար :

Արձանագրելի է , որ 100-ամեակի այս մեծ յաջողութեան հասանք շնորհիւ՝

1. Յիսնամեայ մեր ծաւալած պայքարին ,

2. Որոշ չափով mass media-ի եւ առաւելաբար՝ մեծաթիւ անհատ ազգայիններու կողմէ social media-ի անդադրում օգտագործումին (հսկայ ուժ , բայց անտեսուած մարզ ՝ հայ կեանքէ ներս),

3. Հայ եկեղեցւոյ կողմէ ՝ կաթողիկոսական մակարդակով նախաձեռնուած ու մշակուած երկարամեայ ու ազդու յարաբերութիւններուն՝ թէ’ ներքին եւ թէ’ արտաքին ճակատներու վրայ,

  1. Եւ ի լրումն եւ իբրեւ պսակադրումը ամենայնի՝ ազգային պետականութեան գործօնին:

Պարբերական առիթներով միջազգային ատեաններէն պետական այրերու հնչեցուցած ըստ պատշաճի արտայայտութիւններէն անդին առաջին անգամն է, որ հայկական պետութեան բարձրագոյն դիրքէն՝ բացայայտօրէ’ն, «բարձր» դիւանագիտութեան «պարտադրած» կաշկանդումներէն ձերբազատ, Հ.Հ.-ի նախագահին կողմէ գործնական նախաձեռնութիւններ կ’առնուէին , առ որ անկ է միջամտութիւններ կը կատարուէին հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումի պահանջքով . «Կը յիշեմ ու կը պահանջեմ» : Պետականօրէն բանաձեւուած ու յայտարարուած այս լոզունգը կ’արտայայտէր ազգին հետապնդած 100-ամեայ նպատակը եւ կը վերածուէր հայ զանգուածները համախմբող մագնիսի :

 Բ. «100-ամեակէն վերջ ՝ Ի՞ՆՉ» : Ուշացած հարցում մը , որ շատոնց պէտք է տրուած ըլլար ու պատասխանը կանխորոշուած : Բայց այս ուշացումը պատճառ պիտի չըլլայ աճապարանքի՝ «հարսնիքը» չփախցնելու հոգեբանութեամբ: Պատասխանը անպայման հիմա գտնելու շուտիկութիւնը կրնայ պարզապէս վնասել մեր դատին: Յօդուածներով կամ այս ու այն մօտեցումով յայտնուած մտածումներ կամ մակերեսային կողմնակի որոշումներ հիմք ընդունելով քաղաքական հապճեպ նախաձեռնութիւնները դուռ կը բանան անբաղձալի արկածախնդրութիւններու: Սխալներու պատասխանատւութիւնը ներհայկական էր երէկ , իսկ այսօր նկատի պիտի ունենանք, որ Հայ դատի հետապնդումին մէջ ներգրաւուած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը , որուն կշիռը իրեն՝ իբրեւ պետութեան , իրաւունքը չի տար սխալելու…:

Ռազմավարութեան մը մարտավարական բովանդակութիւնը ճշդելու գլխաւոր նախապայմանը ինքնաճանաչումն է, սեփական տկարութիւններուդ դարմանումն է, ունեցած ուժիդ ու կարելիութիւններուդ ճշգրիտ գնահատումն է եւ թշնամիիդ ճանաչողութիւնը :

Այս տեսակէտով՝ ներկայի մեր մեծ տկարութիւնը թերի ու ձեւական ժողովրդավարութիւնն է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, որով եւ հոն՝ արդարութեան ու իրաւունքի գերակայութեան բացակայութիւնը: Իսկ սփիւռքի

պարագային՝ գործող կառոյցներու յոգնածութիւնն է, չըսելու համար սպառուածութիւնը :

Առանց անտեսելու ոչ-արհամարելի այլ պատճառներու գոյութիւնը՝ պիտի ըսենք , որ գլխաւորաբար նշուած տկարութիւններուն հետեւանքով ստեղծած ենք ազգին սպառնացող մեր ներքին ահարկու թշնամին՝ արտագա՛ղթը :

Արտագաղթ ՝ Հայաստանէն :

Արտագաղթ նա՛եւ սփիւռքի մէջ՝ հայկականութենէ, գաղութային կառոյցներէ, կազմակերպ կեանքէ:

Հայաստանէն արտագաղթի կասեցումը կախեալ է իշխող խաւի քաղաքական կամեցողութենէն ու վճռականութենէն: Իսկ սփիւռքի պարագայի՞ն…:

 Գ. «100-ամեակէն վերջ ՝ ԻՆՉ» հարցումին պատասխանը գտած ու տուած է արդէն Աբօ Պողիկեան՝ Ասպարէզի «օրը-օրին» սիւնակէն, Ապրիլ 24-ին յաջորդող օրերուն: Դէպի հեռակայ թիրախներու սլացող մեծ-մեծ գաղափարներու չի վերաբերիր իր ըսածը , այլ իր սիւնակէն , պարզ ու յստակ ցոյց կու տայ այսօրուան անմիջական մեր ընելիքը , ինչ որ , յայտնօրէն զեկուցողին յաւելած յարդարանքով ու ոճով , ժողովին ներկայացուեցաւ հետեւեալ բառերով .

«…Թողունք մտքի դարձդարձիկ մարզանքները , որոշ ժամանակի մը համար ձերբազատինք իրարու յաջորդող ցուցադրական խորհրդաժողովներու ծախսէն ու շռայլանքէն եւ անոնցմով տպաւորութիւն գործած ըլլալու խաբկանքէն (բարեկամ մը սրամտութեամբ կ’ըսէր , որ անոնց գլխաւոր յաջողութիւնը ժողովի ընթացքին կամ աւարտին քաշուած ու մամուլի էջերուն տեղ գրաւած լուսանկարներն են)» :

«… Տքնինք-խոկանք , գաղութային կառոյցներու գործունէութիւնը արդիւնաւէտ դարձնելու համար կենդանի գործի ծրագիր մշակենք , հետամտինք այդ ծրագրի իրացման, որպէս զի մեր կառոյցներուն շուրջ համախմբել կարենանք Գալիֆորնիոյ 130.000-160.000, Լիբանանի 50.000 , Աթէնքի 2.500-3.000 ու այլ քաղաքներու եւ տարբեր երկիրներու մէջ ապրիլեան ցոյցերուն թէ երթերուն բազում հազար թիւերով մասնակից հայ զանգուածները: Այ’ս է անմիջականը , անյետաձգելի’ն» :

«Պիտի կարենա՞նք»:

Ահա ցցուող բուն հարցականը ՝ 100-ամեակէն վերջ :

 

Դ. Մեր ներքին ու սարսափազդու «թշնամիին»՝ արտագաղթ(ներ)ին, ինչպէս նաեւ հայ զանգուածները համախմբելու մարտահրաւէրին յաղթելու համար պէտքը չունինք ռազմական պատրաստուածութեան, ռմբաձիգ սարքերու: Բաւարար են հաւատքը, տեսլականը, վճռականութիւնը, աշխատանքի տրամադրուածութիւնը՝ առաքինութիւններ , որոնք իբրեւ առանցքը մարտավարական բովանդակութեան, նախապայման են հայ կեանքի վերակառուցման համար :

Ունի՞նք այդ առաքինութիւնները: Այս ալ երկրորդ հարցականը՝ 100-ամեակէն վերջ :  

Միհրան Քիւրտօղլեան


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.