Ամերիկահայ լուսանկարիչ Սքաութ Թուֆանքճեանի նոր գիրքը հայկական Սփիւռքի մասին է


Ամերիկահայ լուսանկարիչ Սքաութ Թուֆանքճեան վերջին տարիներուն այցելեց Սփիւռքի հայկական գաղթօճախները եւ հայկական համայնքներու պատմութիւնը արխիւագրող իր լուսանկարչական գիրքը հրատարակեց, որ կը կոչուի «Միայն Աշխարհը կայ» (There is only the Earth) Ռուբէն Ճանպազեան «Արմինիըն Ուիքլի»-ի համար հարցազրոյց մը կատարած է լուսանկարիչ-լրագրող Սքաութ Թուֆանքճեանի հետ։ Ստորեւ հարցազրոյցը.

Առաջին անգամ վեց տարի առաջ գրավաճարի խանութի մը մէջ աննպատակ պտոյտներէս մէկուն ընթացքին հայկական մականուն մը նշմարելով՝ հանդիպեցայ լուսանկարիչ-լրագրող Սքաութ Թուֆանքճեանի գործին։ Անոր անունը տպուած էր գիրքի մը կողքին վրայ, որ կը կրէր Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Պարաք Օպամայի լուսանկարը՝ համակիրներու հետ ձեռնուած ատեն եւ լուսանկարին վրայ մեծ գիրերով «Այո, կրնանք» գրուած էր։ Պէտք է խոստովանիմ, որ հպարտացայ, թէ հայ լուսանկարիչ մը կը հետեւի վերջին տարիներու ամէնէն յիշատակալից ամերիկեան ընտրապայքարներէն մէկուն։ Սքաութ, իր գիրքին ճամբով կը ներկայացնէր քուլիսներու ետին գտնուողը, որ հասարակութիւնը հազուադէպ կերպով առիթը կ’ունենայ տեսնելու։

Յաջորդող տարիներու սկսայ Սքաութի աշխատանքին մօտէն հետեւիլ։ Արեւելեան Անատոլուէն մինչեւ Հայիթի իր կատարած ճամբորդութիւններուն, 2011-ին եւ 2012-ին Եգիպտոսի մէջ յեղափոխութեան անդրադարձին. անոր գործերը կը ներկայացնէին տարբեր վայրերու եւ կացութեանց մէջ մարդկային ամէնէն անկեղծ զգացումները։

Ան ծնած է Պոսթոն, հայրը ամերիկահայ է, իսկ մայրը իրլանտական ծագումով ամերիկացի։ Սքաութի հօրենական նախահայրերը կու գան Մուսա Տաղէն, որ Միջերկրականի եզրին գտնուող ծովեզերեայ շրջան մըն է եւ որուն բնակիչները ծանօթ են Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին իրենց հերոսութեամբ։ Անմիջապէս զգացական կապ մը ունեցայ Սքաութի հետ, որովհետեւ իմ հօրս ընտանիքն ալ Կիլիկիայէն է։

Սակայն, միայն 2014-ի սկիզբը առիթը ունեցանք հանիպելու։ Ան Թորոնթօ եկած էր իր սփիւռքեան համայնքներ փաստագրելու ծրագիրին մէջ տեղւոյն հայ համայնքը լուսանկարելու համար։ Ան այդ ծրագիրին ծիրին մէջ այցելեց Եւրոպա, Լիբանան եւ մինչեւ Հնդկաստան։ Հայաստան, Հոնկ Քոնկ եւ Ֆրանսա իր կատարած այցելութիւններէն ետք, Սքաութ միայն քանի մը օրեր ունէր Թորոնթոյի մէջ, սակայն յաջողեցաւ իրեն պէտք եղածը լուսանկարել։ Անոր խճողուած առօրեան եւ ժամանակի սղութիւնը արգելք չեղան, որ իր գործը աւարտին հասցնէ, եւ մինչեւ իսկ կրցաւ Մոնթրէալ այցելելով տեղւոյն համայնքն ալ լուսանկարել։

Սքաութ իսկական վերածննունդի կին մըն է։ Անիկա կը կատարէ գործ մը, որ մեզմէ շատեր կ’երազեն՝ ճամբորդել աշխարհի մէկ ծայրէն միւսը եւ այդ ընթացքին այցելել հայկական համայնքները։ Առիթը ունեցայ Սքաութի հետ ունենալու հարցազրոյց մը՝ անոր նոր գիրքին շուրջ, որ կը ներկայացնէ հայկական սփիւռքը փաստագրելու անոր տարիներու աշխատանքը։

Ռուբէն Ճանպազեան- Անցնող չորս տարիներուն ընթացքին «Հայկական սփիւռք» ծրագիրին ծիրին մէջ աշխարհի տարածքին հայկական համայնքներ կը փաստագրէք։ Այս ծրագիրը ե՞րբ եւ ի՞նչպէս ծնունդ առաւ։

Սքաութ Թուֆանքճեան- Ծրագիրին վրայ լրջօրէն աշխատիլ սկսայ շուրջ չորս տարի առաջ՝ Օպամայի առաջին ընտրապայքարի նախօրեակին, սակայն ծրագիրի գաղափարը իսկութեան մէջ ծնած էր տարիներ առաջ։ Երբ երեխայ էի, շաբաթավերջերը կ’անցնէի մեծ հօրս ու մօրս մօտ, որոնք, ինծի մինչեւ հիմա անծանօթ մնացած պատճառներով, օրը կ’անցնէին տուն փնտռելով։ Անոնք երբեք նոր տուն չփոխադրուեցան, սակայն տուն փնտռելու ընթացքին եւ զիս զբաղցնելու համար կենդանական պարտէզ այցելութիւններուն միջեւ կ’այցելէինք իրենց բարեկամներուն գաւաթ մը սուրճի կամ թէյի համար։ Մինչ տարեցները կը զրուցէին՝ աչքէ կ’անցնէի իրենց բարեկամներուն սեղանին վրայ դրած հայկական պարբերաթերթերն ու օրաթերթերը։

Ես մեծցայ Ութմընի եւ Սքիթուէյթի մէջ, որոնք Ութըրթաունի եւ Արլինկթընի մէջ կեդրոնացած բուն համայնքէն հեռու էին, ուստի հայկական դպրոց կամ ակումբ չկրցայ յաճախել։ Ուոթըրթաուն կ’այցելէին մանրուած պանիր ու լահմաճուն գնելու եւ այցելելու եկեղեցիներու կազմակերպած պազարները, սակայն ընտանիքիս ու մեր բարեկամներէն դուրս հայկական աւելի լայն աշխարհի հետ կապս այդ պարբերաթերթերու եւ օրաթերթերու ճամով էր։ Հալէպի մէջ ՀԲԸՄ-ի դպրոցականները կամ Պուէնոս Այրեսի մէջ ՀՄԸՄ-ի ակումբը կը տեսնէի եւ անոնց մասին կ’երեւակայէի։ Այս մանուկներուն հետ հասարակաց ի՞նչ ունէի։ Կալկաթայի կամ Ատիս Ապապայի մէջ հայ ըլլալ ի՞նչ կը նշանակէր։ Այդ համայնքները ի՞նչպիսին էին։

Համացանցի ժամանակաշրջանէն առաջ, այս հարցումներու պատասխան ստանալու միակ ձեւը գրադարան այցելելն էր։ Սակայն հաւանաբար կրնաք ենթադրել, որ միայն ցեղասպանութեան մասին գիրքեր կը գտնէի։ Այժմ, թէեւ ցեղասպանութեան պատմութիւնները կարեւոր են, սակայն փնտռածս այդ չէր։ Փնտռածս այն էր, որ հիմա ո՞վ ենք, ո՞ւր ենք, ի՞նչպիսին է մեր կեանքը, սփիւռքեան հարիւրամեայ կեանքը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ մեր վրայ։ Եւ շարունակ սպասեցի, որ մէկը այդ մասին գիրքը գրէ։ Անհեթեթ կը թուի, սակայն ի վերջոյ յոգնեցայ սպասելէ եւ որոշեցի այդ մէկը ես ընեմ։՚

 

Ռ.Ճ.- Դուք այցելած եւ փաստագրած էք աշխարհի տարածքին՝ Եւրոպայէն մինչեւ Հնդկաստան հայկական համայնքներ։ Այս ճամբորդութեան ամէնէն յիշատակելի պահերը որո՞նք են։

Ս.Թ.- Անոնք բազմաթիւ են՝ Քեսապի մէջ Աթամեան-Հոսնորեան ընտանիքին հետ մանթի ուտելը, Դամասկոսի մէջ 2010-ի ոտնագնդակի մոնտիալը դիտելը, Տիգրանակերտի Ս.Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ Ս.Զատիկի պատարագին ներկայ ըլլալը, հայ-թուրք-ֆրանսական «Մեծ Պազար» նուագախումբի ելոյթէն ետք առաւօտուն Պոլսոյ հայերուն հետ Վարդավառ տօնելը, Փարիզի մէջ պսակի «ղնայ»ի գիշերուան համար ծաղիկներ պատրաստելը, հայ-եթովպիացի երաժիշտ Վահէ Թիլպեանի մեկնաբանած եթովպիական ճազ երաժշտութիւնը ունկընդրելը, Ազնաւորի ելոյթը Սան Փաուլոյի մէջ, Վաքըֆլըի մէջ երէցներուն կողմէ անհանդարտ Գէորգը զսպելու փորձը (ու ձախողիլը) դիտելը, Նիւ Եորքի մէջ ԱԿԱԼԱ-ի հետ քայլարշաւ կատարել այն օրը, երբ Նիւ Եորքի մէջ միասեռականներու ամուսնութիւնը արտօնուեցաւ, ամէնուր Հաճընի ոստիկանատունէն մինչեւ Մոնթրէալի Ս. Յակոբի մէջ նարտ խաղալը, սքանչելի աւստրալիացի երիտասարդներու պարի փորձերը դիտելը, Վենետիկի Ս. Ղազարի հոգեւորականներուն հետ լռակեաց ճաշ ուտելը, Կալկաթայի մէջ ռակպիի մրցումին ընթացքին հայկական քոլեժի աշակերտները քաջալերելը եւ բազմաթիւ այլ յիշատակներ։

Ռ.Ճ.- Վերոնշեալ համայնքներու ներկայիս դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին խօսեցէք։

Ս.Թ.- Կը թուի, որ ներկան հայոց պատմութեան մէջ մասնաւորաբար կարեւոր եւ զգայուն պահ մըն է։ Ցեղասպանութենէն հարիւր տարի ետք, եթովպիական համայնքէն միայն քանի մը ընտանիք մնացած է։ Եգիպտացիները մտահոգ են յետյեղափոխութեան վերիվայրումներէն եւ մեծ թիւերով կը գաղթեն Լոս Անճելըս։ Պէյրութին մէջ ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանի հայկական գաղթակայանը կը քանդուի եւ ընտանիքները դուրս կը դրուին։ Նոյն ատեն, Քեսապի մէջ իրենց տան մէջ զիս ընդունած հոյակապ ընտանիքը սուրիական քաղաքացիական պատերազմի պատճառով իր տունէն վտարուած է եւ նախապէս ուժեղ եղած Դամասկոսի եւ Հալէպի համայնքները գաղթած են Հայաստան, Լիբանան կամ աւելի հեռաւոր վայրեր։ Նոյնիսկ Պրազիլի եւ Ֆրանսայի ու Միացեալ Նահանգներու աւելի ապահով համայնքները մտահոգ են, որ նոր սերունդները պիտի կորսնցնեն իրենց լեզուն եւ ամուսնանան օտարներու հետ։ Նոր երկիրներու մէջ անոնց ֆիզիքական վերապրումին ու յաջողութեան գինը անոնց մշակոյթի կորուստն է։ Ուստի, կը թուի, թէ չկայ որեւէ համայնք մը, որ որեւէ մարտահրաւէր չի դիմագրաւէր։

Ռ.Ճ.- Լուսանկարներու ճամբով պատմութիւններ պատմութիւններ պատմելու առաւելութիւնը ի՞նչ է։

Ս.Թ.- Հաստատ, որ գրող չեմ, ուստի միակ ձեւը, որ կրնամ մեր պատմութիւնը արձանագրել լուսանկարչութեան ճամբով է։ Սակայն ատկէ անդին, պատկերները նիւթին եւ ակնդիրին միջեւ աւելի մեծ կապ կը ստեղծեն։ Մանաւանդ, որ ասիկա կը ներկայացնէ ժողովուրդ մը, որ 85 տարբեր երկիրներու մէջ կ’ապրի, բազմաթիւ լեզուներ կը խօսի, ուզեցի կարենալ խօսիլ կարելի չափ շատ մարդոց մասին։

Ռ.Ճ.- 2006-էն 2008-ի միջեւ հետեւեցար օրին ծերակուտական Պարաք Օպամայի նախագահական ընտրապայքարին եւ աւելի քան 12 հազար լուսանկարներ նկարեցիր ու հրատարակեցիր գիրք մը, որ կը կոչուի. “ Yes we can: Barack Obama’s History-Making Presidential Campaign’’, որ կը ներկայացնէ լուսանկարներու շարք մը եւ ներառուեցաւ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի “non best seller” ցանկին վրայ։ «Հայկական սփիւռք» ծրագիրը ի՞նչով տարբեր էր ատկէ։ Ի՞նչպիսի մարտահրաւէրներ դիմագրաւեցիք։

Ս.Թ.- Ընտրապայքարի մը հետեւելու, մասնաւորաբար վերջին հանգրուաններու լաւութիւնը այն է, որ բացի լուսանկարը նկարելէն ամէն բան դասաւորուած է։ Անգամ մը, որ օդանաւ կամ փոխադրակառք բարձրանաս քեզ կ’առաջնորդեն եւ միակ որոշումները, որ կ’առնես՝ ո՞վ, ի՞նչ, ո՞ւր եւ ե՞րբ լուսանկարելն է։ Ընտրական գրասենեակի անձնակազմը կը զբաղի փոխադրութեան, կերակուրի, ժամադրութեանց, մուտքի եւ մնացեալ ամէն հարցերը։ Սակայն ասիկա ծրագիր մըն է, ուր բոլոր որոշումները իմս են։ Ուր երթալ, երբ երթալ, ինչի վրայ կեդրոնանալ, որուն հետ հանդիպիլ, բոլոր ասոնք իմ որոշումներս էին։ Ուստի եթէ սխալ որոշում մը առնեմ, ամբողջովին իմ սխալս պիտի ըլլայ ինչ որ զարհուրելի է։

Սակայն միւս կողմէ՝ ասիկա ամէնէն անձնական ծրագիրն է, որուն վրայ երբեւիցէ աշխատած եմ: Օպամայի երկու ընտրապայքարներուն հետեւիլը հոյական փորձառութիւնն մըն էր, որ սիրելի պիտի մնայ, սակայն այս ծրագիրը ինծի համար շատ աւելի արժէք ունի։

Ռ.Ճ.- «Հայկական սփիւռք» ծրագիրը ֆինանսաւորուած էր Kickstarter platform-ի կողմէ։ Ի՞նչու դրամահաւաքի, նուիրահաիաքիձեւը ընտրեցիք եւ ի՞նչ էին այսպիսի ֆինանսաւորութեան լաւ ու վատ կողմերը։

Ս.Թ.- Ծրագիրի սկիզբը ինքնաֆինանսաւորուած էր, օգտագործելով՝ նախորդ գիրքէս ապահովուած գումարները։ Այդ գումարները սպառելէ ետք, խնայողութիւն կ’ընէի եւ բաւարար գումար հաւաքելէ ետք կը ճամբորդէի։ Եւ այդ ձեւով կրնայի շարունակել յաջորդ երեսուն կամ աւելի տարիները եւ ի վերջոյ գիրքս լոյս պիտի տեսնէր 2035-ին կամ այդպիսի թուականի մը։ Թերեւս…։ Սակայն անպայման կ’ուզէի բան մը աւարտել Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ, որպէսզի մեր վերապրումը եւ ձեռքբերումները տօնենք եւ նոյն ատեն մեր զոհերը սգանք։ Ուստի բաւական մտածելէ ետք, որոշեցի նուիրահաւաքի դիմել։ Անկեղծօրէն, վախազդու էր։ Այս ծրագիրին վրայ երկար ատենէ ի վեր առանձին կ’աշխատէի։ Թերեւս ատիկա սխալ էր։ Թերեւս ոչ ոք պիտի հետաքրքրուէր։ Ուստի ինծի համար նուիրահաւաքի յաջողութիւնն ու ծրագիրին ուրիշներուն մօտ ձգած արձագանգ տեսնելը իրապէս յւզիչ է։ Սիրեցի այն իրողութիւնը, որ նուիրահաւաքը ուրիշներուն կ’արտօնէ ծրագիրին մաս կազմել եւ զայն վերածել բանի մը, որուն սեփականատէրը ամբողջ համայնքն է։

Ռ.Ճ.- Օգոստոս 2012-ին, նկարեցիք Միշել Օպաման եւ նախագահ Պարաք Օպաման իրարու փաթթուած, եւ Օպամայի ընտրական գրասենեակի անձնակազմը 6 Նոյեմբեր 2012-ին՝ ընտրութեան գիշերը այս լուսանկարը տեղադրեց Օպամայի Դիմատետրի վրայ պաշտօնական էջին վրայ եւ «Թուիթըր»-ի էջերուն վրայ։ Ատիկա ամէնէն բաժնեկցուած լուսանկարն էր համացանցի վրայ։ Կրնաս անդրադառնալ համացանցի ընկերային ցանցերու ուժին մսաին եւ թէ ինչպէս ատիկա իբրեւ լուսանկարիչ քեզի օգնեց։

Ս.Թ.- Առանց համացանցի ընկերային ցանցերուն այս ծրագիրը երբեք չէի կրնար յաջողցնել։ Թերեւս ատիկա չափազանցութիւն մըն է, սակայն արդիւնքը շատ աւելի տարբեր պիտի ըլլար։ Այս ծրագիրը սկսայ ընկերային ցանցի ժողովրդականութիւն վայելելէն առաջ եւ մարդոց հետ կապի մէջ մտնելու հիմնական ձեւը կազմակերպութիւններու ճամբով էր։ Կազմակերպութիւնները շարունակեցին հսկայ եւ կարեւոր աղբիւր մը ըլլալ ինծի համար, սակայն ինչպէս գիտէք գոյութիւն ունին բազմաթիւ հայեր, որոնք կազմակերպութիւններու անդամ չեն, եւ ես ուզեցի, որ այս ծրագիրը զանոնք եւս ներառէ։ Չեմ չափազանցեր, եթէ ըսեմ, որ Դիմատետրը մեծապէս օգտակար եղաւ կապի մէջ մտնելու այդ մարդոց հետ, մանաւանդ ծրագիրի վերջին տարուան ընթացքին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.