Սիրունին Կտակը՝ Հայ Դատին
Իրաւաբան Արիս Յարութիւնեան հեռաձայնեց խմբագրութիւն եւ առաջարկեց, որ թերթով հանրութիւնը տեղեկացնենք Սիրուն Կիւրեղեանի կտակին մասին:
Կիւրեղեան նախանցեալ տարի մահացած էր, իր ունեցուածքէն հարիւր հազար տոլար կտակելով Հայ Դատի յանձնախումբի Ուաշինկթընի կեդրոնական գրասենեակին:
Իրաւաբանական ձեւակերպումները նոր աւարտած են եւ գումարը փոխանցուած է Հայ Դատի գրասենեակ:
Սիրուն Կիւրեղեանին ես ծանօթացայ իր կեանքի վերջին տարին: Ցեղասպանութեան մասին նիւթի մը թարգմանութեան վերաբերեալ դիմած էր խմբագրութիւն: Մտերմացանք: Պատմեց ինծի իր կտակին մասին, որմէ բաժին հանած է նաեւ Հայաստանին, վստահելի անձերու միջոցաւ կրթաթոշակներ յատկացնելու գերազանցիկ ուսանողներու: Ես պարզապէս փորձեցի համոզել, որ իր կենդանութեան օրօք կատարէ բաշխումները, որպէսզի վայելէ իր բարեգործութեան պատճառած ուրախութիւնը: Գրեթէ համոզուած էր, բայց իր առողջական վիճակի արագ քայքայումը թոյլ չտուաւ ձեռնարկելու նուիրաբաշխման գործին: Մնաց իր կտակը:
Սիրուն Կիւրեղեան ծնած է Հալէպ, 1921ին: Նախնական ուսումը ստացած է Հայկազեան վարժարանին մէջ, ապա յաճախած է Mission Laiique Francaise, որմէ ստացած է պաքալորայի վկայականը: Հետեւած է նաեւ գեղանկարչութեան դասընթացքներու:
Սիրուն 1970ին փոխադրուած է Ֆիլատելֆիա, ուր եղբօր՝ Վարուժանի օգնութեամբ բացած է ակնոցավաճառի խանութ մը: 1990ական թուականաներուն, ան փակած է խանութը, որուն բոլոր ապրանքը նուիրած է ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան, որուն ճամբով ակնոցները փոխադրուած են Ստեփանակերտ՝ բարեգործական նպատակներու օգտագործուելու համար: Այդ ակնոցներուն հիման վրայ Ստեփանակերտի մէջ կը բացուի «Սիրուն Օպտիկ» խանութը, որ ձրիօրէն ակնոցներ կը տրամադրէ ազատամարտիկներուն:
Սիրուն հիմա, իր կտակին ճամբով, կը շարունակէ մասնակից ըլլալ Հայ Դատի աշխատանքներուն, կը շարունակէ յետ մահու հովանաւորել մեր ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան համար մշակուած ծրագիրները:
Թող օրհնեալ ըլլայ իր յիշատակը:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ