Զինուորներու մկրտութիւն Նուբարաշէնի «Սրբոց Նահատակաց» եկեղեցւոյ մէջ


 5-րդ բանակային զօրամիաւորման հոգեւոր սպասաւոր Տ. Ենովք քահանայ Եսայեանի ձեռամբ Նուբարաշէնի «Սրբոց Նահատակաց» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ 9 զինծառայողներու մկրտութիւնը: Մինչ արարողութիւն` զօրամասի հոգեւոր սպասաւոր Վոլոտեայ սարկաւագը  պատրաստած էր զինուորներուն եկեղեցւոյ կարեւորագոյն եւ առաջին խորհուրդին` մկրտութեան, բացատրելով խորհուրդի կարեւորութիւնը, ծիսակատարութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ ԶՈՒ հոգեւոր առաջնութենէն:

 Մկրտուող զինծառայողներու կնքահայրերը իրենց հրամանատարներն ու ծառայակից ընկերներն էին, որոնք  յանձն առին ամենայն պատասխանատուութեամբ զբաղիլ իրենց սանուկներու հոգեւոր դաստիարակութեամբ: Արարողութեան կը մասնակցէին զօրամասի հրամանատարի տեղակալներ: Զինուորները ստացան մկրտութեան նոր անուններ` Ենովք, Եղիշէ, Մարկոս, Ղուկաս, Մատթէոս, Յովհաննէս, Ներսէս, Սահակ, Դերենիկ: Խորհրդակատար Տէր Հայրը շնորհաւորեց մկտուողները` մաղթելով ծառայողական յաջողութիւններ, ձեռքբերումներ, յարգանք ու սէր մէկը միւսին նկատմամբ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.