Ըստ Անգարայի Քաղաքապետին PKK-ը հայկական կազմակերպութիւն է


Անգարայի Քաղաքապետ Մելիհ Կէօքճէք Ա. Հապէր հեռատեսիլի կայանէն իրեն հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին դարձեալ ատելավառ ու գրգռիչ արտայայտութիւններ ունեցաւ Հայերու նկատմամբ։ Ան ըսաւ որ Հայերն ու PKK (Քրտական Աշխատաւորական կուսակցութիւն) 1984 թուականին մէկտեղուեցան ու իրարու հետ համաձայնեցան. «Նախ կ՚առնենք Թուրքիոյ Արեւելեան մասը, յետոյ զայն կը բաժնենք իրարու միջեւ» ըսին անոնք։ Կէօքճէք աւելցուց որ PKK ահաբեկչական կազմակերպութիւնը քրտական կազմակերպութիւն չէ, այլ Հայկական կազմակերպութիւն է եւ ըսաւ որ Հայերը Հարաւ Արեւելեան Թուրքիան քրտերէ մաքրագործեցին որպէսզի հոն հիմնեն Հայաստան մը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.