Քամբ Արմէնի սեփականատէրը հողամասը ետ կը նուիրէ Կէտիկփաշայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին


«Մարմարա».- Թուզլայի Քամբ Արմէնի փլուզումին դէմ ցուցաբերուած բողոքի ընդդիմութիւնը, ըստ Շաբաթ իրիկուն ռումբի պէս պայթող լրատուութեան մը, տուած էր իր բարեդէպ արդիւնքը եւ Քամբի հողամասը պիտի պիտի վերադարձուէր Հայ համայնքին։ Բայց հետաքրքրականն այն էր որ պետութիւնը չէ՛ր որ այդ կալուածը ապասեփականացնելով պիտի վերադարձնէր Հայ համայնքին, այլ կալուածին այժմու սեփականատէրը , գործարար Ֆաթիհ Ուլուսոյ, որ որպէս խղճմտանքի հարց, այդ կալուածը պիտի նուիրէր Կէտիկփաշայի Աւետարանական Եկեղեցւոյ։

Անմիջապէս հրապարակի վրայ դրուեցան եւ երէկ առտու Հիւրրիյէթն ալ հրատարակեց Ուլուսոյի կողմէ կատարուած յայտարարութիւններ ըստ որոնց հողամասին այժմու սեփականատէրը կը հաստատէր որ իրապէս ինք 25 միլիոն արժողութեամբ այս կալուածը պիտի նուիրէր Հայ համայնքին։ Թէ որքան ճիշդ էր 25 միլիոնի այս ակնարկութիւնը, յայտնի չէ, միայն թէ ասիկա խոստում մըն էր, որ յայտնի չէ թէ երբ պիտի գործադրուէր։ Ուստի Նոր Զարթօնքի անդամները, ինչպէս նաեւ Քամբ Արմէնի Զօրակցութեան Խմբակի մասնակիցները կը յայտարարէին որ պիտի շարունակէին Քամբին առջեւ պահակ սպասել մինչեւ որ կալուածաթուղթը պաշտօնապէս յանձնուի Հայերու։

Աւելի վերջ Ուլուսոյի կողմէ կատարուած ուրիշ յայտարարութիւններ ալ օրակարգի եկան։ Այս անգամ յայտնի դարձաւ որ Ֆաթիհ Ուլուսոյ նուիրատուութեան այս որոշումը ընդունած էր ընթացք տալով կառավարութեան կողմէ եկած թելադրութիւններու ու խնդրանքներու։ Այս հողամասին համար իրեն խնդրանք եւ հրահանգ ներկայացուցած էին Վարչապէտ Ահմէտ Տավուտօղլու, Իսթանպուլի Մայր Քաղաքապետ Գատիր Թօփպաշ, Ա-Գէ-Փէի Իսթանպուլի Կազմակերպութեան Նախագահ Սէլին Թէմուրճի, Թուզլայի Քաղաքապետ Սատի Եազըճը։ Ինք այս կալուածը գնած էր առանց գիտնալու անոր անցեալը։

Ուլուսոյ ապա կուտար այս հրահանգիչ բացատրութիւնը.

«Այս օրերուն, երբ 1915-ի առընչութեամբ այլազան մեկնաբանութիւններով կը գրգռուին մեր հաւաքականութեան զգայնութիւնները, որպէսզի իմ նպաստը բերեմ մեր Հայ հայրենակիցներու մտածումներուն ու զգայնութիւններուն, նաեւ որպէսզի նպաստեմ մեր երկրի ընկերային հաշտութեան ու միասնութեան, կը յայտարարեմ որ որոշեցի այս կալուածը նուիրել Կէտիկփաշայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ»։

Հոսկէ հոնկէ հասնող լուրերու լոյսին տակ կարելի է ենթադրել որ պետական շրջանակները չուզեցին պետական որոշումով ապասեփականացնել այդ հողամասը ու պաշտօնապէս զայն վերադարձնել իր բուն տիրոջը, այսինքն Հայերուն, եւ ընտրեցին նուիրատուութեան տարբերակը որպէսզի ասիկա իբր օրինակ չծառայէ բռնագրաուած հարիւրաւոր ուրիշ կալուածներու համար։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.