Թուրքիոյ մէջ Տերսիմի, Խարբերդի եւ Պինկէօլի համար զարգացման ծրագի՞ր


Թուրքիոյ մէջ մեկնարկած է «Արեւելեան Անատոլիոյ մէջ գործողութիւններու ծրագիր» նախագիծը, որ պէտք է իրականացուի մինչեւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հռչակման 100-ամեակը` 2023 թուական:

Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ թրքական «Akşam» պարբերականը կը փոխանցէ, որ կ’ակնկալուի այդ նախագիծի արդիւնքով երկրի արեւելեան Թունճելի (Տերսիմ), Էլազըղ (Խարբերդ), Պինկէոլ (Բիւրակն) եւ Մալաթիա նահանգներուն մէջ ապահովուել տարեկան 2 միլիառ տոլարի արտահանման ցուցանիշ, կէս միլիոն զբօսաշրջիկի այց եւ գործազրկութեան մակարդակի 8 տոկոսանոց նուազում:

Վերոյիշեալ չորս նահանգներու արագ զարգացումը ապահովելու համար իրականացուող այդ ծրագիրի ծիրէն ներս մինչեւ 2023 թուականը կը նախատեսուի Չեթինքայա-Մալաթիա-Եոլչաթ- Էլազըղ-Տիարպեքիր (Տիգրանակերտ) ճեպընթաց շոգեկառքի համար երկաթուղիի կառուցումը, ինչպէս նաեւ Սիվաս (Սեբաստիա)-Մալաթիա-Էլազըղ- Պինկէոլ-Թաթուան (Դատուան) երկաթուղիի արդիականացման եւ նշեալ նահանգներուն մէջ քաղաքային հեծանիւային ճանապարհներու կառուցում:

Բացի այդ, կը նախատեսուի  Մալաթիա քաղաքի պատմութեան եւ քաղաքակրթութիւններու թանգարանի, բոլոր չորս նահանգներուն մէջ գիտական կեդրոններուն, սինեմայի եւ թատրոնի շէնքերու կառուցում:

Զբօսաշրջութեան զարգացման նպատակով պիտի իրականացուին ճանապարհաշինական աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ` պատմական եւ կրօնական կառոյցներու բարեկարգումներ, որոնց մէջ են նաեւ` Պինկէոլի «Հայկական շուկան»:

Նշենք, որ «Akşam» կառավարամէտ թերթ է, եւ քրտաբնակ եւ ալեւիաբնակ շրջաններու զարգացման նման ծրագիրներու մասին յաճախ կը խօսուի Թուրքիոյ մէջ ընտրութիւններու անմիջական նախօրեակին։ Թուրքիոյ խորհրդարաի ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Յունիս 7-ին։ Նկարին մէջ, Տերսիմի շրջկեդրոն Թունջելիի մուտքին թրքական բանակի զրահամեքենայ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.